Կրտսերներու Թենիսի Դասընթացքներ` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի Մէջ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, հսկողութեամբ մարզիչներ Ֆիլիփ Քնիսեւիչի (Մոնթենեկրօ) եւ Տայան Սիմիչի (Սերպիա) եւ հովանաւորութեամբ շարք մը լիբանանեան ընկերութիւններու, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէջ (Քասլիք) տեղի ունեցան կրտսերներու (7-14 տարեկան) թենիսի դասընթացքներ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին 32 երկսեռ մարզիկներ:
Աւարտին յատուկ վկայագիրներ յանձնուեցան այդ մարզիկներուն` ներկայութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին անդամներուն, մարզիկներուն ծնողներուն եւ մարզական լրագրողներու:
CATEGORIES Մարզական


