Արուեստի Աշխարհէն. Քանդակներ, Ուր Կը Հանդիպին Արեւելքն Ու Արեւմուտքը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՏԱՐԲԵՐ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՅԱՏԿԱՆԻՇՆԵՐԸ ՄԻԱՁՈՒԼԵԼՈՒ ՓՈՐՁԵՐԸ ՄԻՇՏ ՉԷ, ՈՐ ԾՆՈՒՆԴ ԿՈՒ ՏԱՆ ԻՐԱ՛Ւ ԱՐՈՒԵՍՏԻ: easyoops.com ԿԱՅՔԷՋԻՆ ՄԷՋ ՏԵՂԱԴՐՈՒԱԾ ՔԱՆԴԱԿՆԵՐՈՒ ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ ԳԱՂԱՓԱՐ ՄԸ ԿՈՒ ՏԱՆ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԱՐԵԼԻ Է ՅԱՋՈՂ ՀԱՄԱՐԵԼ ԵՒ ՎԱՅԵԼԵԼ ՆՄԱՆ ՓՈՐՁԻ ՄԸ ԱՐԴԻՒՆՔԸ:
Սուխի Պարպըր անգլիացի արուեստագէտ մըն է: Ան կանուխ տարիքէն հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է տարբեր մշակոյթներ միաձուլելու նկատմամբ: Արուեստի դպրոցը աւարտելէ ետք ան ճամբորդած է Քաթմանտու եւ Նեփալի մէջ 12 տարի ուսումնասիրած է այն, «ինչ որ կը գտնուի ժամանակէն դուրս, այսինքն` խաղաղութիւն եւ հաւասարակշռութիւն, ինչ որ ասիական մշակոյթին յատկանիշն է», ինչպէս կը բացատրէ ան:
Պարպըրի պրոնզէ կերպարներուն մէջ կը միաձուլուին քանդակագործութիւնն ու փիլիսոփայութիւնը: Արուեստագէտը կը փորձէ կամրջել Արեւելքի եւ Արեւմուտքի մշակոյթները. անոր գործերուն մէջ լուտասի դիրքով նստած կերպարներուն պատկերները իրագործուած են պրոնզէ քանդակներու յատուկ աւանդական ձեւերով եւ գիծերով:
Քանդակագործին անձնական կայքէջին մէջ հետեւեալ ձեւով կը բնորոշուի անոր արուեստը. «Փիլիսոփայական բարդ գաղափարներ պարզութեամբ եւ յստակութեամբ կ՛արտացոլան Պարպըրի քանդակներուն մէջ, որոնք բնազդային մակարդակի մը վրայ հասանելի կը դառնան ակնդիրին: Իրականութիւնը մականցող անոր գործերը ի յայտ կը բերեն թաքուն կարելիութիւններ, կը ստեղծեն ոգիի եւ ձեւի պար մը, որ տեւաբար կը կերպարանափոխուի»:

