Արուեստի Աշխարհէն. Քաթմանտուի Երգող Մայրապետը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԲԱԶՄԱԹԻՒ ԱԼՊՈՄՆԵՐ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԾ ԵՒ ՀԱՄԵՐԳԱՇԱՐԵՐՈՎ ԱՇԽԱՐՀԸ ՆՈՒԱՃԱԾ ՔԱԹՄԱՆՏՈՒԻ ԵՐԳՈՂ ՄԱՅՐԱՊԵՏԸ ՓՈԹՈՐԿԱԾ Է ՆԵՓԱԼԸ ԵՒ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԸ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԽՈՐ ՍԻՐՈՅ ՄԸ ԳԵՂԵՑԻԿ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ` ԴԱՌՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՉՔԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ:
Մութ կարմիր շրջազգեստով, խաղաղ դէմքով Անի Չոյինկ Տրոլմա բնաւ փոփ աստղի մը երեւոյթը չունի: Սակայն անոր երաժշտական տեսերիզները ցոյց կու տան, թէ ան նոյնքան հանգիստ կ՛երգէ, որքան ինքնախորհրդածութեան պահեր կ՛ապրի աղօթքի համրիչը քաշելով:
Այս կինը տարբեր է բոլոր մայրապետներէն. իր իսկ խոստովանութեամբ, ան կը սիրէ ընել բաներ, «զորս մայրապետներ պէտք չէ ընեն»:
Ան բարեկամներու հետ կ՛երթայ հնդկական ժապաւէններ դիտելու «ոեւէ մէկուն պէս», եւ դէմ չէ ֆութպոլի գնդակ մը հարուածելու` բարեսիրական մրցաշարքի մը բացումը կատարելու համար:
Չոյինկ զարգացուցած է թիպեթեան շարականները իւրայատուկ ոճով երգելու ոճ մը. ան թոյլ կու տայ, որ վերջին խազերը երկար յամենան, մինչեւ որ ի վերջոյ ձուլուին եւ նօսրանան օդին մէջ:
Ան կ՛ըսէ, որ թէեւ երաժշտութիւն ուսած չէ` բառին արհեստավարժ հասկացողութեամբ, սակայն երգը կը բխի իր էութեան խորերէն:

Անի Չոյինկ Տրոլմա վստահ է, որ իր առեւտրական յաջողութիւնը ոչ մէկ ձեւով պիտի խանգարէ աղքատութիւնը վերացնելու իր ճիգերը:
«Այն ձայնը, որ կը յաջողիմ լոյս աշխարհ բերել, կը բխի տիրոջ` Պուտտայի իմաստութեան նկատմամբ ոգեղէն իմ խոր նուիրումէս եւ հաւատքէս», կը հաստատէ ան:
Տխուր Մանկութիւն
Թիպեթցի բազմաթիւ այլ գաղթականներու պէս` Չոյինկի հայրը Նեփալ հասած է 1950-ական տարիներուն: Գաղթականներու դատի պաշտպաններու համաձայն, առնուազն 20 հազար հոգի Հիմալայեանները կտրելով հասած են Նեփալ` 1959-ին Թիպեթի մայրաքաղաք Լհասայի մէջ չինական իշխանութեան դէմ թիպեթեան ապստամբութենէն ետք:
Քաթմանտուի գաղթականական թաղամասերուն ծայրագոյն չքաւորութեան մէջ հասակ նետելով` Չոյինկ ապրած է դժուար մանկութիւն մը: Ջղագրգիռ հայրը առանց պատճառի ծեծի կ՛ենթարկէր զինք եւ իր մայրը:
Հոգեկան նման խոցերու մասին ան գրած է իր ինքնակենսագրութեան մէջ, որ կը կոչուի «Երգել` ազատութեան համար»: Ան կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս կանուխ տարիքէն որոշած է չամուսնանալ` տեսնելով իր մօրը տառապանքը:
«Հայրս այնպիսի անձ մըն էր, որ կը դրսեւորէր տղամարդոց յատուկ կարգ մը տհաճ յատկանիշներ», կ՛ըսէ ան:
«Իր պատճառով այնպէս կը զգայի, որ ամուսնանալը կեանքի մէջ յոռեգոյն բանն էր, որ կրնայի ընել»:
«Հայրս ձեւով մը յաջողած է մէջս ստեղծել այն բոլոր ժխտական յատկանիշները, որոնք առաջնորդած են զայրոյթի, անձկութեան եւ դառնութեան»:
Չոյինկ կ՛ըսէ, թէ երբ իր մօրը յայտնած է չամուսնանալու իր որոշումը, ստացած է վերջնագիր մը. կ՛երթաս պուտտայական վանք մը եւ մայրապետ կը դառնաս կամ կ՛ապրիս աշխարհիկ կեանք եւ ամուսին մը կը գտնես:
Փրկութեան ձգտումով` ան հազիւ 13 տարեկան էր, երբ որոշած է մաս կազմել Քաթմանտուի մօտակայ վանքի մը միաբանութեան:
Խտրականութիւն
Սակայն Չոյինկ նոյնիսկ վանքին մէջ ենթակայ պիտի դառնար կիներու դէմ խտրականութեան:
«Վանքերուն մէջ կը տիրէ այն մտայնութիւնը, թէ կիները կարողութիւնը չունին զարգացնելու իրենց ոգեղէն աշխարհը», կը նշէ ան:
«Վանքին մէջ կ՛երազէի տիրանալ բարձր ուսումի, ոգեղէն զարգացում մը ապրիլ, սակայն այս մէկը տեղի չունեցաւ»:
Եւ որովհետեւ Չոյինկ կարելիութիւնը չունէր իր ուսումը շարունակելու վանքին մէջ, ան իր մխիթարութիւնը գտած է երաժշտութեան մէջ` առանց անդրադառնալու իր կարողութեան` իբրեւ երգիչ»:
«Երգելն ու պարելը կը սիրէի մանկութենէս,- կ՛ըսէ ան:- Կ՛երգէի փոքր եղբօրս հետ խաղալու ժամանակ կամ եփելու ու լուալու, նոյնիսկ երբ շատ տխուր էի»:
Վանքին մէջ Չոյինկ հանդիպած է արտասահմանէն բազմաթիւ հաւատացեալներու, որոնք քաջալերած են զինք, որ երգէ:
Երաժշտական առաջին ձայներիզներէն մէկը, որ ան ստացած է իբրեւ նուէր, եւ որ յաւիտենական ներգործութիւն ունեցած է իր վրայ. ամերիկացի պլուզ երգիչ Պոնի Ռէյթի մէկ ձայնագրութիւնն էր, որ շուտով դարձած էր Չոյինկի նախասիրած երաժշտութիւնը:
Սակայն վանքին կանոնաւոր այցելուներէն` ամերիկացի կիթառահար Սթիվ Թիպեցն էր, որ պիտի յայտնաբերէր եւ բնորոշէր Չոյինկի երգելու կարողութիւնը:
Թիպեց զայն ծանօթացուցած է երաժշտական միջազգային աշխարհին: Չոյինկ համաշխարհային հանդիսատեսներու դիմաց առաջին անգամ երգած է 1998-ին, երբ ճամբորդած է Միացեալ Նահանգներ` երգելու համար տարբեր քաղաքներու մէջ:
Անմոռանալի Պահը
Նման շրջապտոյտի մը առիթով էր, որ Չոյինկ հանդիսատեսներուն մէջ նկատած է «կարմիր մազերով կին մը», որ կը նմանէր մանկութեան իր կուռքին` Պոնի Ռէյթի:
«Փորձեցի վանել մտածումը` հարց տալով, թէ ինչո՛ւ աստղ երգիչ մը ներկայ պիտի գտնուէր իմ համերգիս», կը յիշէ Չոյինկ: Սակայն համերգէն ետք «կարմիր մազերով կինը» ինքզինք ներկայացուցած էր` ըսելով. «Ես Պոնի Ռէյթն եմ, քու հաւատարիմ երկրպագուներէդ»:
Ասիկա անմոռանալի պահ մըն էր:
«Ապշահար դիտեցի զինք,- կը պատմէ Չոյինկ,- եւ ըսի` կատա՛կ է ասիկա: Իրականութեան մէջ ե՛ս քու հաւատարիմ երկրպագուներէդ եմ»:
«Ապա զիս ծանօթացուց իր երաժիշտներուն», կը յիշէ Չոյինկ եւ աչքերը կը կայծկլտան:
Այնուհետեւ ան ճամբորդած է բազմաթիւ հեռաւոր երկիրներ, առանց մոռնալու իր կեանքին նպատակը` ուսում ապահովելու մասնաւորաբար աղքատ միջավայրերու մէջ ապրող աղջիկներու:
Մինչ իր ալպոմներուն վաճառքէն գոյացած մեծ գումարները կը հասնէին, Չոյինկ կը հիմնէր նորընծայ մայրապետներու յատուկ Արիա Թարա դպրոցը` Քաթմանտուի մօտ:
Այժմ Չոյինկ կը պատրաստուի իր նորագոյն նուիրական շարականները ձայնագրել սովորական սթիւտիոյի մը մէջ եւ կը սպասէ ճամբորդական վաւերաթուղթերու` երաժշտական շրջապտոյտի մը ձեռնարկելու համար դէպի Չինաստան. բաւական ծանր որոշում մը անձի մը համար, որ գաղթականի զաւակ է եւ կ՛այցելէ հարստահարող երկիրը:
Սակայն Անի Չոյինկ Տրոլմա նաեւ սորված է երաժշտութեամբ եւ ինքնախորհրդածումով հակակշիռ բանեցնել իր զայրոյթին վրայ: Ան կ՛ըսէ, թէ ներած է իր հօր, եւ ամէն ինչ կը նսեմանայ, երբ կը բաղդատէ:



