Հայ Աւետարանական Քոլեճի 90-ամեակի Փառաշուք Ամավերջի Հանդէսը
Ուրբաթ, 5 յուլիս 2013-ին, երեկոյեան ճիշդ ժամը 8:00-ին Վերտիի «Այտա»-ի քայլերգի հնչողութեան ներքեւ Հայ աւետարանական քոլեճի 2012-2013-ի աւարտականները եւ դպրոցի կրթական մշակները իրենց ակադեմական յատուկ տարազներով եկան գրաւելու յատուկ բեմերու վրայ իրենց յատկացուած տեղերը:
Հայ աւետարանական քոլեճի ընդարձակ բակը լեցուն էր հանդիսականներով, որոնց մէջ էին ՄԱՀԱԵ Միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, Փառէն Ծ. վրդ. Վարդանեան, Կրթական խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Արտա Էքմեքճի, Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեան, հոգաբարձուներ, այլ հիւրեր, ծնողներ ու աշակերտներ:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք դպրոցի հոգեւոր տեսուչ Կարինէ Չոլագեան Աստուածաշունչէն ընթերցում կատարեց եւ աղօթք մատուցեց: Ապա Հայ աւետարանական քոլեճի շրջանաւարտներէն Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական եկեղեցիի հովիւ վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան իր պատգամը տուաւ, նախ` շնորհաւորելէ ետք դպրոցի 90-ամեակը: Ան նշեց, թէ պէտք է նայիլ Աստծոյ, ժպտիլ, սէր ունենալ, բարձրանալ ու բարձրացնել կեանքի մէջ:
Նախակրթարան Զ. կարգէն Լիլիթ Գույումճեան ասմունքեց Մուշեղ Իշխանի «Հայ լեզուն տունն է հայուն» քերթուածը, իսկ նախակրթարանի երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Մարիա Փալազեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Լոռի Այնթապլեանի, ներկայացուց երկու հայաշունչ խմբերգներ` «Արծուիկ Շուշի» եւ Գ. Ալէմշահի «Իմ հեռաւոր հայրենիք»:
Գեղարուեստական բաժնին յաջորդեց յատուկ անուանակիր մրցանակներու բաշխումը, որմէ ետք, յանուն աւարտական ԺԲ. դասարանին, Տիգի Քիւրքճեան (հայերէն) եւ Սլէյման Խաթիպ (արաբերէն) ուղերձներ կարդացին դպրոցէն բաժանումի առթիւ իրենց զգացումները եւ ապա իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին:
ԺԲ. դասարանի դաստիարակ տոքթ. Արմէն Իւրնէշլեան դպրոցի վաստակաշատ տնօրէն տոքթ. Զաւէն Մսըրլեանը հրաւիրց ԺԲ. եւ Զ. դասարաններու վկայականաց բաշխումը կատարելու: Երկրորդական ԺԲ. դասարանէն վկայական ստացան` Մհեր Կոբարեան, Սլէյման Խաթիպ, Վարդի Չարըգեան, Ժան Չիլինկիրեան, Ճէյմս Տեքրմենճեան, Նանոր Փափազեան, Էնժի Քիրեճեան (յիշատակութեամբ), Էփի Քիւրքճեան (պատուոյ յիշատակութեամբ) եւ Տիգի Քիւրքճեան (յիշատակութեամբ): Իսկ նախակրթարան Զ. դասարանէն` Մանուէլ Ալաճաճեան, Լիլիթ Գույումճեան, Սամուէլ Հալաճեան, Կրէյս Մաամարպաշի (յիշատակութեամբ), Սանտրա Պասեթ, Ճենիֆըր Քըյմեթլեան եւ Քրիսթ Քիրեճեան:
Տնօրէնին հրաւէրով Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Հրայր Չոլագեան տիպար աշակերտի շքանշաններով պարգեւատրեց Էփի Քիւրքճեանն ու Էնժի Քիրեճեանը: Հուսկ, տնօրէնը հրաւիրեց վաստակաւոր ուսուցչուհի Մաքրուհի Ունճեանը` ստանալու համար Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան պատուոյ գիրը իր երկարամեայ ծառայութեան համար:
Ապա Զաւէն Մսըրլեան տուաւ իր խորիմաստ հուսկ բանքը, որուն թեման բարութիւնն էր: Թելադրական ոճով պատգամեց շրջանաւարտներուն իրենց կեանքին մէջ բարի անունի տէր ըլլալ, ըսելով, որ հոն է երջանկութեան բանալին, եւ ոչ միայն բարի կամեցողութեան տէր ըլլալ, այլ` իրենց շրջապատը բարելաւել: Տնօրէնը անդրադարձաւ աշակերտներուն ստացած հայադրոշմ դաստիարակութեան, մեր ազգային մտածողութեան, թելադրեց ծառայել հայութեան եւ հետամուտ ըլլայ հայոց պահանջատիրութեան դատին:
Հուսկ բանքէն ետք, նախակրթարանի Զ. կարգէն Կրէյս Մաամարպաշի ջութակով նուագեց Կոմիտասի «Կռունկ»-ը, որմէ ետք վեր. Չոլագեան փակման խօսքը կատարեց` շնորհակալութիւն յայտնելով հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, դպրոցի այլազան մարմիններուն եւ ծնողաց ապա օրհնութեան աղօթքով փակեց ամավերջի հանդէսը:
Հանդիսաւոր թափօրով պարպուեցան բեմերը, ապա ժողովուրդը շնորհաւորեց 2013-ի աւարտականներուն:



