Աշակերտական Գծագրական Ցուցահանդէս

Ուրբաթ, 5 յուլիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին  «Ազգային Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի «Մուսա Լեռ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ  աշակերտական գծագրական ցուցահանդէսի բացում` ներկայութեամբ միութիւններու եւ մարմիններու ներկայացուցիչներուն,  վարժարանի խնամակալութեան, ուսուցչակազմին եւ բազմաթիւ ծնողներու:

Տարիներու աւանդութիւն դարձած` իւրայատուկ իր բնոյթով, աշակերտական գծագրական ցուցահանդէսը այս տարի եւս ապացուցեց  աշակերտներուն ունեցած սէրն ու հետաքրքրութիւնը գծագրութեան եւ ընդհանրապէս արուեստի զանազան մարզերուն հանդէպ, որովհետեւ գեղանկարչութեան ընդմէջէն անոնք մեզի փոխանցեցին նախ իրենց իւրացուցած վարժութիւններն ու  գիտելիքները, ապա` իրենց ներաշխարհի արտայայտութիւնները, եւ յատկապէս հայկական տօներու, հայ մշակոյթի, Մուսա Լերան եւ աւանդական բարքերու միաձուլուած ամբողջականութիւն  մը:

Բացման ու ողջոյնի խօսքը արտասանեց վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան. ան ըսաւ. «Գծագրութեան դասաւանդութեան հիմնական նպատակը աշակերտներուն մտածելակերպը, ներաշխարհը, տեսնելու կարողութիւնը, տեսածը կամ երեւակայածը ներկայացնելու ճիգը կարեւոր չափով բացայայտելն է,  ինչ որ կրթական աշխատանքի անհրաժեշտութիւններէն  է»:  Շարունակելով իր խօսքը` տնօրէնը  ըսաւ. «Այս դասաւանդութենէն մեր փնտռածը անպայման  արուեստագէտներ պատրաստել չէ : Սակայն գծագրական տարրական  գիտելիքներ ջամբելով եւ զուգահեռ քաջալերանքի մթնոլորտի մէջ որոշ աշակերտներու մօտ  կը ծնի ճարտարապետական, ինքնաշարժի, հագուստի կամ այլազան զարդերու ու գործիքներու ձեւագծումի հանդէպ հետաքրքրութիւններ, զորս անոնք կրնան օգտագործել իրենց կեանքի ընթացքին»:

Տնօրէնը խորին շնորհակալութիւններ յայտնեց վարժարանի գծագրութեան ուսուցիչ, գիւղի համբաւաւոր արուեստագէտներէն` Րաֆֆի Անտոնեանին, որ մեծ համբերութեամբ  կրցած է աշակերտներուն մէջ արթնցնել արուեստի այս մարզը արժեւորելու գաղափարը ու ամբողջ կրթական տարեշրջան մը աշխատելով` պատրաստել այսպիսի գեղեցիկ ցուցահանդէս մը:

Ապա վարժարանին խնամակալութեան ատենապետ տոքթ. Խաժակ Այնթապլեան եւ Րաֆֆի Անտոնեան կատարեցին ցուցահանդէսին բացումը:

Ցուցահանդէսի ընթացքին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Share this Article
CATEGORIES