Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը Կը Քննուի Թուրքիոյ Մէջ
«ՄԱՐՄԱՐԱ», «ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ»
Շաբաթ, յուլիս 6-ին, Թուրքիոյ «Ո՛չ ցեղապաշտութեան ու ազգայնամոլութեան» շարժումին կողմէ Պոլսոյ մէջ կազմակերպուեցաւ քննարկում մը` «100-րդ տարելիցի թուականը կը մօտենայ. տակաւին ինչո՞ւ օրակարգի վրայ կը մնայ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը» նիւթով:
Քննարկումին մասնակցեցան թուրք հաւաքականութեան յառաջադէմ գործիչներ: Շարժման հաղորդագրութեան համաձայն`, քննարկումներուն սկիզբը շարժումին պատասխանատուները ներկայացուցին իրենց ապագայ ծրագիրները, որմէ ետք խօսք առին քննարկման մասնակիցները:
«Քլարք» համալսարանէն դասախօս Իւմիթ Քուրթ ելոյթ ունեցած է «Օրէնքներու ոգին. ցեղասպանութեան հետքը փնտռել» նիւթով` խօսելով «լքեալ գոյքի» օրէնքներուն մասին:
«Եթէ կ՛ուզենք հասկնալ Ցեղասպանութեան իրագործման դրդապատճառները, ապա անհրաժեշտ է չմոռնալ ոչ իսլամներուն, մասնաւորապէս` հայերուն պատկանող սեփականութեան դէմ ուղղուած տնտեսական շարժառիթը: Այս մէկը տնտեսութիւնը թրքացնելու եւ թուրք-իսլամական միջին դասակարգ ստեղծելու շրջան է», ըսած է ան` պնդելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան կարեւորագոյն դրդապատճառներէն մէկը հայերուն սեփականութիւնը խլելը եղած է:
Այս հաւաքը կազմակերպած «Ո՛չ ցեղապաշտութեան ու ազգայնամոլութեան» շարժումը վերջին քանի մը տարիներուն կը մասնակցի Թուրքիոյ մէջ կայացող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման արարողութիւններու. անիկա իր բողոքի ձայնը բարձրացուցած էր նաեւ թրքական բանակին մէջ հայազգի զինուոր Սեւակ Պալըքճըի սպանութեան կապակցութեամբ:

