Ժոմպլաթ Կոչ Կ՛ուղղէ Զգաստ Ըլլալու
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ եթէ բանակի եւ ապահովական այլ կառոյցներու հրամանատարութիւններու պաշտօններուն պարագային դատարկութիւն արձանագրուի, ապա անիկա Լիբանանի համար քանդիչ պիտի ըլլայ:
Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Պիր Ապըտի մէջ ականուած ինքնաշարժին ընդմէջէն փոխանցուած ապահովական պատգամը պէտք է ուղղուած ըլլայ բոլորին, որովհետեւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ պատահածը կրնայ պատահիլ լիբանանեան այլ շրջաններու մէջ եւս:
«Եթէ Հարաւային արուարձաններուն պատգամը չկարենանք մեկնաբանել, ապա մենք անմիտներ կ՛ըլլանք եւ ոչ թէ պատասխանատուներ», շեշտեց Ժոմպլաթ:
CATEGORIES Լիբանանեան

