Զահլէի Երեսփոխանները Նոր Նախաձեռնութիւն Մը Յայտարարեցին
Զահլէի երեսփոխանները երէկ հրաւիրեցին մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին անոնք յայտարարեցին նախաձեռնութիւն մը, ըստ որուն, Լիբանան արդէն իսկ հասած է անդունդին եզրին եւ նկատի ունենալով այդ իրականութիւնը, Զահլէի մակարդակին վրայ իրենք կոչ կ՛ուղղեն պահպանելու Պեքաայի չէզոքութիւնը, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու եւ պահպանելու Զահլէի միասնականութիւնն ու համախոհութիւնը` դիմագրաւել կարենալու համար բոլոր դժուարութիւնները:
Զահլէի երեսփոխանները իրենց նախաձեռնութեան մէջ նշեցին նաեւ, որ անհրաժեշտ է կառչած մնալ լիբանանեան պետական զէնքին:
Զահլէի երեսփոխանները կազմեցին նաեւ յանձնախումբ մը, որ հետեւողական կերպով պիտի այցելէ Զահլէի քաղաքական տարբեր հեղինակութիւններուն, որոնց պիտի ներկայացնէ իր նախաձեռնութիւնը` առաջարկելով վերջ տալ քաղաքական տարակարծութիւններուն, որովհետեւ Զահլէի շահերը աւելի վեհ են, քան այն բոլոր վէրքերը, որոնք տակաւին կը կոտտան:

