Արտաքին Գործոց Նախարարը Համտիի Հետ Քննարկեց Եգիպտոսի Իրադարձութիւնները

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Աշրաֆ Համտին, որուն հետ քննարկեց Եգիպտոսի իրադարձութիւնները:

Համտի Մանսուրին յանձնեց Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Քամել Ամրոյէն նամակ մը, որ ուղղակիօրէն կը վերաբերէր Եգիպտոսի իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ Գահիրէի մէջ գործադրուած ժողովրդավարութեան, խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ բարեկարգումներու կայացումին:

Հանդիպումէն ետք Համտի յայտնեց, որ Մանսուրի հետ քննարկած է նաեւ շրջանին մէջ տեղի ունեցող ընդհանուր իրադարձութիւնները` աւելցնելով, որ Արաբական լիկային կողմէ Եգիպտոսի վերաբերող որեւէ նիստ առկայ չէ:

Համտի աւելցուց, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տակաւին իր լիազօրութիւնները կիրարկող կառոյց մըն է, որ ենթակայ է եգիպտական պետութեան հրահանգներուն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )