Ռայի Պատրիարքը Կը Շեշտէ Լիբանանի Կողմէ Որդեգրուելիք Դրական Չէզոքութեան Անհրաժեշտութիւնը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հովանաւորեց «Էյ. Եու. Էս. Թի.» համալսարանին աւարտական հանդէսը, որուն ընթացքին ան փոխանցեց պատգամ մը` շեշտելով, որ «Արաբական գարուն»-ը վերածուած է ձմրան, որ տակաւին չէ աւարտած` արմատական շարժումներուն գոյութեան եւ անոնց օգտին կարգ մը երկիրներու զօրակցութեան պատճառով:

Ռայի պատրիարքը նշեց, որ Միջին Արեւելքի խաղաղութիւնը վտանգի ենթարկուած է:

«Երբ այս շրջանին մէջ սկիզբ առին ժողովրդային խաղաղ, իրաւացի եւ արդար ցոյցեր, որոնք պահանջեցին քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ ընկերային բարեկարգումներ, խոստմնալից էին արաբական գարուն մը կերտելու առումով: Սակայն այդ շարժումները սառեցան եւ կախարդանքով մը կարծէք անոնց փոխարինեցին արմատական շարժումները, ժիհատական գործողութիւնները, որոնք ֆինանսաւորուեցան արտաքին ուժերու եւ պետութիւններու կողմէ: Հետեւաբար արձանագրուեցան բռնարարքներ, սպանութիւն, բռնագաղթ, քանդում եւ գործուած վայրագութեան պատճառով «Արաբական գարուն»-ը վերածուեցաւ ձմրան, որ տակաւին չէ աւարտած», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց զէնքերը մէկ կողմ նետելու եւ միասնաբար նստելու ազգային երկխօսութեան սեղանին շուրջ ու իրարու լսելու հաշտութեան ոգիով ու բաց սրտերով, որպէսզի կարելի ըլլայ խաղաղ լուծումներ ապահովել, ինչպէս նաեւ բարեկարգումներ կատարել եւ արդար ու ամբողջական խաղաղութիւն հաստատել:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ Լիբանանը կարիքը ունի ամբողջացնելու քաղաքացիական պետութիւնը, ինչպէս նաեւ կարիքը ունի որդեգրելու դրական չէզոքութիւնը, համահունչ ըլլալու համար այն սկզբունքներուն, որոնց նկատմամբ լիբանանեան եւ իսլամ-քրիստոնեայ համախոհութիւն գոյացած է:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն վերադառնալու 1943-ի Ազգային ուխտին, երբ հաստատուեցաւ, որ ո՛չ Արեւելքին եւ ո՛չ ալ Արեւմուտքին պիտի վստահուի, այսինքն` Լիբանան պէտք է մերժէ հետեւորդը դառնալ Արեւելքի կամ Արեւմուտքի մէջ գտնուող որեւէ երկրի կամ պետութեան:

Ռայի պատրիարքը մերժեց, որ Լիբանան դաշնակից դառնայ միջազգային թէ շրջանային զինուորական բախումնային դաշինքներու:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Միջին Արեւելքի հարցը կարելի է լուծել արաբեւիսրայէլեան տագնապին լուծումով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )