Վարչապետ Սալամ Շարունակեց Կառավարութեան Կազմութեան Ջանքերը
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Մուսայթպէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց երեսփոխաններ Աթեֆ Մաժտալանին, Պասեմ Շապը եւ Ռիատ Ռահհալը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը:
Վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարի պատուիրակ, նախկին նախարար Թոնի Քարամը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր:
Թամմամ Սալամի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Երեկոյեան վարչապետ Սալամ ընդունեց ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան հեռանկարները:
CATEGORIES Լիբանանեան


