Պըրրի Մտահոգ Է Երկրին Ապահովական Իրավիճակով

Սաֆատի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Մարոնիներու լիկայի մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Սամիր Ապի Լամահի եւ ներկայութեամբ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ապի Լամահ յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկումները եղած են դրական` աւելցնելով, որ քննարկուած են նաեւ մարոնի համայնքին եւ ընդհանրապէս քրիստոնեաներուն մտահոգութիւնները, յատկապէս երկրին ապահովական կառոյցներուն անիշխանութեան մատնուելու հաւանականութիւնը:

Ապի Լամահ նշեց, որ Պըրրի իր կարգին մտահոգ է ապահովական իմաստով` աւելցնելով, որ անոր հիմնական նպատակն է լիբանանեան համախոհութեան գոյացումը:

Պըրրի ընդունեց նաեւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Սաֆատին, որուն հետ քննարկեց երկրին մէջ տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ սուրիական զարգացումները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )