ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ Պշարա Ռայի պատրիարքը Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըրի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրը փաստած է, թէ թերութիւններ կ՛ընդգրկէ` աւելցնելով, որ այդ համաձայնագիրը բարեփոխելու առումով ինք ոչ մէկ արգելք ունի:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը ընտրանք մըն է, որ ինքզինք փաստած է` բռնագրաւուած հողերը ազատագրելու եւ յաղթանակներ արձանագրելու առումով:
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան հետաքննութեան խորհուրդը յայտնեց, որ լիբանանեան դրամատուներուն մէջ Թունուզի տապալած նախագահ Զէյնել Ապիտին պըն Ալիի կնոջ` Լէյլա Թրապուլսի պըն Ալիի գումարները սառած են:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց գործավար նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ ինքզինք իր պարտականութիւններէն ազատ կացուցելու որոշումը յետս կոչելը կապուած է գործուած սխալին սրբագրութեան:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դէմ գործուած պայթումին գծով կասկածները կ՛ուղղուին արմատական խմբաւորումներուն:
ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան պատասխանատուներէն Ժորժ Մինա Պեքաայի Քֆարզապատ գիւղաքաղաքին մէջ խոշտանգուեցաւ եւ փոխադրուեցաւ հիւանդանոց:
ՊԱԱՍ կուսակցութեան նախագահ Ֆայեզ Շքըր յայտնեց, որ Սուրիոյ ներքին հարցերուն Մուսթաքպալ հոսանքի միջամտութիւնները փաստուած են եւ այդ փաստաթուղթերը յարմար ատենին պիտի բացայայտուին:
«ՍԱՈՒԹ ԼՈՒՊՆԱՆ» ձայնասփիւռի կայանին համաձայն, 5 կասկածելիներ, որոնցմէ երեքը` լիբանանցիներ, իսկ երկուքը` պաղեստինցիներ, ձերբակալուած են ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դէմ պայթում գործելու հետաքննութեանց ծիրին մէջ: Յայտնենք, որ զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըր ՖԻՆԻՒԼ-ի դէմ գործուած պայթումին թղթածրարը փոխանցեց լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «օքազ» օրաթերթ. «Գործավար վարչապետ Սաատ Հարիրի յառաջիկայ քանի մը ժամուան ընթացքին պիտի ժամանէ Պէյրութ` շարունակելու համար կառավարութեան ընթացիկ աշխատանքները»:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ յաջորդ քաղաքական բախումը շատ աւելի սուր պիտի ըլլայ:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ առաւօտեան թռիչքներ գործեց Մերժահիունի եւ Պընթ Ժպէյլի վերեւ` խախտելով Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերը ամբողջ Լիբանանի տարածքին ձերբակալեցին 82 յանցագործներ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը բողոքեն զէնքին դէմ, սակայն անոնք զէնք կը բարձրացնեն նոյնիսկ նախարարին դէմ: «Անոնք կը գանգատին նաեւ սեւ զգեստաւորներէ, մինչդեռ անոնք կը պահպանեն սեւ սնտուկներն ու սեւ սենեակները», ըսաւ Լահուտ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան ուշացման պատասխանատու են անոնք, որոնք կ՛անսան Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի յորդորներուն. ան աւելցուց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու եւ ներքին գործոց գործավար նախարարներ Շարպել Նահհասի եւ Զիատ Պարուտի դէմ կատարուած ըմբոստութիւնը վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի դէմ կատարուած է:
«Ո՛Վ որ կը կարծէ, թէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ իր կեցուածքները փոխած է, արաչար կը սխալի», ըսաւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու գործավար նախարար Ղազի Արիտի` աւելցնելով, որ Ժոմպլաթ մաս կը կազմէ խորհրդարանական նոր մեծամասնութեան եւ ոչ թէ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 2-րդ կայանը հաղորդեց, որ Լիբանանի հետ ապահովական որեւէ լարուածութիւն կարելի է եւ հաւանական, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Հըզպալլա կը շարունակէ զինուիլ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ շեշտեց, որ Իսրայէլի դէմ յաջորդ պատերազմի մը պարագային Հըզպալլայի զէնքերը շատ աւելի պիտի ըլլան, քան ինչ որ էին 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին: