ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ
«ՆԱՀԱՐ»
– Անդրադարձ` Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցած սուրիական ընդդիմութեան խորհրդաժողովին:
– Լրատուութիւն սուրիական ՍԱՆԱ պետական լրատու գործակալութեան հաղորդած այն լուրին մասին, թէ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Էրտողան հաստատած է, որ Թուրքիա յանձնառու է Սուրիոյ ապահովական կայունութեան:
(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Տիար», «Սաֆիր», «Շարք Աուսաթ» եւ «Սատա Պալատ» օրաթերթերը):
«ԱՆՈՒԱՐ»
– Լրատուութիւն` Անգարայի մէջ հարիւրաւոր թուրք ուսանողներու կողմէ վարչապետ Էրտողանի որդեգրած կրթական քաղաքականութեան դէմ կազմակերպուած բողոքի ցոյցին մասին:
– Անդրադարձ` Թրիփոլիի մէջ թրքական հնութիւններու փառատօնին, որ տեղի ունեցաւ «Ժինան» համալսարանի շրջափակին մէջ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզի:
(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ
«Սաֆիր» եւ «Լիուա» օրաթերթերը):
«ՍԱՖԻՐ»
– Անդրադարձ` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութողլուի կողմէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին ուղղուած այն կոչերուն, թէ ժամանակը աւարտած է եւ Ասատ պէտք է անմիջապէս նախաձեռնէ բարեփոխումներու:
(Նոյն լուրին անդրադարձաւ նաեւ «Հայաթ» օրաթերթը):