ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՓՈԹՈՐԿՈՏ ՆԻՍՏ

Հաղորդակցութեան միջոցներու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Հասան Ֆատլալլայի եւ ներկայութեամբ հաղորդակցութեան միջոցներու գործավար նախարար Շարպել Նահհասի ու մեծ թիւով երեսփոխաններու, որոնց մէկ մասը անդամ էր հաղորդակցութեան միջոցներու խորհրդարանական յանձնախումբին, իսկ միւս մասը` ոչ:

Իւրաքանչիւր պատասխանատու նիստին մասնակցեցաւ իրեն հետ ունենալով փաստաթուղթեր եւ սահմանադրութեան ու օրէնքներուն վերաբերող «զէնքեր»:

Նիստէն բացակայեցաւ ինքզինք գործավար նախարարի պարտականութիւններէն ազատ կացուցած  ներքին գործոց նախարար Զիատ Պարուտ:

Խորհրդարանական յանձնախումբը քննարկեց Թանգարանի շրջանին մէջ գտնուող հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան կառոյցին մէջ պատահած արարքը եւ ըմբոստութիւնը:

Նիստին ընթացքին Նահհաս հարց տուաւ, թէ այդ կառոյցի երկրորդ յարկին վրայ ի՞նչ կայ:

«Եթէ այդ յարկին վրայ կան սարքեր ու գործիքներ, որոնք չորս տարիէ ի վեր կը գտնուին այդ կառոյցին մէջ, եւ եթէ անոնք տակաւին իրենց տուփերուն մէջ են եւ անոնց մէկ մասը կ՛օգտագործուի միայն 15 հոգիի համար, ապա այդ կացութիւնը պաշտպանելու համար 400 զինեալի ներկայութեան կարիք կա՞յ այդ կառոյցին մէջ», հարց տուաւ ան:

Նահհաս շեշտեց, որ իրենք իբրեւ քաղաքական կողմ չեն ընդունիր կատարուած իրողութեան քաղաքականութիւնը եւ անկարելի է, որ կատարուած իրողութեան առջեւ գտնուելով վաւերացնեն այդ կացութիւնը:

Նախարարը աւելցուց, որ այդ սարքերը կը գտնուէին նախարարութեան կեդրոնին մէջ` նպատակ ունենալով փորձարկումներ կատարել անոնց վրայ:

Ան նաեւ շեշտեց, որ ինք զինուորական ատեանին բողոքագիր մը ներկայացուցած է ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի դէմ` զայն ամբաստանելով զինեալ անկարգութեան յանցանքով:

Երեսփոխան Մարուան Համատէ, որ հաղորդակցութեան միջոցներու խորհրդարանական յանձնախումբին մաս չի կազմեր, ներկայացուց իր տեղեկագիրը, որուն մէջ շեշտեց, որ «Օժերօ» անկախ խորհուրդ մըն է եւ անոր վարչութիւնը անկախաբար կը գործէ:

Համատէ հաստատեց, որ այդ սարքերը Չինաստանի կողմէ յանձնուած են «Օժերօ»ին եւ կառավարութեան որոշումով անոնք այդ խորհուրդին տրամադրութեան տակ կը գտնուին, «հետեւաբար «Օժերօ» կրնայ պահանջել անոնց պաշտպանութիւնը, մինչեւ որ կառավարութեան կողմէ տրուի այլ որոշում մը, որ այլ մարմիններ կրնան ստանձնել այդ սարքերը», շեշտեց ան:

Երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ շեշտեց, որ ինք իբրեւ իրաւաբան եւ խորհրդարանի անդամ կը նկատէ, որ լիբանանեան պետութեան հիմնական սկզբունքները խախտած են եւ խզուած` հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան կառոյցին մէջ տեղի ունեցածին պատճառով:

Հինգուկէս ժամ տեւած նիստին ընթացքին խորհրդարանական մեծամասնութիւնը կազմող քաղաքական ուժերուն եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն երեսփոխանները սուր բանավէճ ուղղեցին, ինչպէս նաեւ վարկաբեկիչ արտայայտութիւններ ուղղեցին իրարու դէմ:

Նիստէն ետք խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ իրենց պահանջն է գիտնալ, թէ խնդրոյ առարկայ կառոյցին 2-րդ յարկին վրայ ապօրինի բան կա՞ր, թէ՞ ոչ. ան ընդգծեց, որ իրենց իրաւունքն է գիտնալ այդ մէկը:

Ֆատլալլա ընդգծեց, որ նիստին ընթացքին առաջարկուած է, որ նախարարներուն կողմէ կազմուի մասնագէտներու յանձնախումբ մը:

«Սակայն ինչպէս ծանօթ է բոլորին` լիբանանցիներս տարակարծութիւններ կ՛ունենանք նոյնիսկ հրեշտակներուն սեռին շուրջ, եւ այդ պատճառով ալ նիստը աւարտած է առանց յստակօրէն գիտնալու, թէ ի՛նչ է պատահածը», ըսաւ Ֆատլալլա` մաղթելով, որ այդ յանձնախումբը կազմուի նախարարութեան եւ «Օժերօ»ի վարչութեան կողմէ, սակայն կարելի չեղաւ այդ յանձնախումբը կազմել:

Երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ անկարելի է արտօնել նախարարին խզել պետութեան եւ կառավարութեան որոշումն ու ամբողջ սարքը ստանձնել: «Պետութիւնը բան մըն է, իսկ նախարարը` այլ բան: Նախարարը առանձինն որոշում չի կրնար տալ, այլ` պէտք է կառավարութեան որոշումով առնէ իր քայլերը», ըսաւ ան:

Ի վերջոյ նիստը մնաց ապարդիւն, որովհետեւ Նահհաս չիմացաւ, թէ այդ կառոյցի 2-րդ յարկին վրայ ի՞նչ պատահած էր, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի չպատժուեցաւ, իսկ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը հասան այն եզրակացութեան, որ «Օժերօ»ի ընդհանուր տնօրէն Ապտել Մենեմ Եուսեֆ ոչ մէկ ապօրինութիւն գործած է:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահութիւնը երէկ արդարութեան գործավար նախարար Իպրահիմ Նաժժարին ցուցմունքներ տուաւ դատական միջոցառումներ որդեգրելու զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի դէմ, որովհետեւ ան 26 մայիս 2011-ին մերժած էր գործադրել ներքին գործոց գործավար նախարար Զիատ Պարուտի հրահանգը, որուն հիման վրայ որոշուած էր հաղորդակցութեան միջոցներուն պատկանող Թանգարանի կառոյցին 2-րդ յարկը անմիջապէս դատարկել ապահովութեան ուժերէն:

Share this Article
CATEGORIES