Ֆայեզ Ղոսըն. «Սայտայի Մէջ Բանակը Իր Պարտականութիւնները Լիովին Կատարած Է»
Պաշտպանութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը երէկ գումարեց նիստ մը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ բանակի սպայակոյտի անդամներ եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսըն:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սայտայի եւ յատկապէս Ապրայի դէպքերուն մանրամասնութիւնները:
Յանձնախումբի նիստին ընթացքին բանակի հրամանատարութիւնը ցուցադրեց տեսերիզներ, որոնց մէջ յստակօրէն ցոյց տրուեցան բանակին դէմ կրակող Ահմետ Ասիրի հետեւորդ զինեալները:
Նիստէն ետք Ղոսըն յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը Սայտայի մէջ իր պարտականութիւնները կատարած է` առանց ոչ մէկ քաղաքացի սպաննելու:
Ղոսըն հաստատեց, որ Հըզպալլա ոչ մէկ ձեւով մասնակցած է Սայտայի դէպքին:
Միւս կողմէ, Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ Հըզպալլա եւ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը կը պնդեն իրենց կեցուածքին վրայ: «Անոնք ամէն ջանք ի գործ դրին, որ այս նիստը իր բնականոն աւարտին չյանգի, այն աստիճան, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի, պաշտպանութեան նախարարէն եւ բանակի սպաներէն պահանջեց լքել նիստը` իր մենաշնորհը դարձնելով պաշտպանութեան նախարարութեան եւ բանակին տեսակէտները», ըսաւ Տահեր:
Իր կարգին, Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ պատասխանելով Տահերի, ցաւ յայտնեց, որ ոմանք կը փորձէին այս յանձնախումբին նիստը չարաշահել եւ զայն հակառակ ուղղութեամբ առաջնորդել` թիրախ դարձնելով լիբանանեան բանակը:


