Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Գերեզման Մը Աւերած Են Եւ Փոխարէնը Ճաշարան Մը Կառուցած

Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը կը գրէ, որ Թեքիրտաղի Մալքարա քաղաքին մէջ հայկական պատմական գերեզմանատունը ամբողջութեամբ ոչնչացուած է: Ատոր փոխարէն փուռ կառուցուած է:

Քաղաքապետարանը զայն մէկ տարուան ժամկէտով վարձակալութեան յանձնած է, սակայն ոգելից ըմպելի վաճառելու արտօնագիր չէ տուած: Զայն օգտագործելու իրաւունք ստացած Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան տարածքային բաժանմունքի ղեկավար Տեմիր Ալի Փալա կ՛ուզէ, որ այնտեղ յաճախորդներուն ոգելից ըմպելի եւս մատուցուի:

Մալքարայի հայկական գերեզմանատան ստեղծման ճշգրիտ թուականը յայտնի չէ: Մալքարայի կեդրոնէն 1.5 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող այդ տարածքը 1 սեպտեմբեր 1976-ի դրութեամբ արձանագրուած է իբրեւ գերեզմանատուն, սակայն տարիներու ընթացքին տապանաքարերը աւերուած են:

Քաղաքապետարանի պաշտօնեաներուն տեղեկութիւններով` 28 տարի առաջ գերեզմանատան տարածքին մէջ ըմբշամարտի համար հարթակ կառուցուած է, ինչպէս նաեւ մէկ յարկանի շինութիւն մը, ուր ըմբշամարտիկները լոգցած են: Ճիշդ այդ շինութիւնն ալ տարիներու ընթացքին վերածուած է ճաշարանի: Այժմ այլ շինութիւններ ալ կառուցուած են:

«Մեր պատրաստած միսը հռչակաւոր է: Ամէն մարդ ինք կը պատրաստէ` կրակի մօտ: Այստեղ գերեզմանատուն չկայ: 300 տարի առաջ եղած է: Ես արդէն երեք տարի է քաղաքականութեան մէջ եմ, եւ ատիկա զիս սպառած է», ըսած է Փալան:

Շինարարական աշխատանքներու ընթացքին մարդկային ոսկորներ դուրս եկած են: Այժմ ալ այդ տարածքներուն մէջ ոսկորներու կտորներ կան:

Մեքենաներով հարթուած հողը քանի մը սանթիմեթր փորելէ ետք ոսկորներ կ՛երեւին:

«Շինարարութիւնը սկսած է մէկ ամիս առաջ: 15 օր առաջ յորդառատ անձրեւ տեղաց, եւ հողին տակէն մարդկային կմախքներ դուրս եկան: Երբ բողոքեցին, հող բերին եւ զանոնք ծածկեցին», ըսած է զոյգ մը, որ իր ինքնութիւնը չէ ուզած բացայայտել:

Զոյգը նշած է, որ տակաւին 15 տարի առաջ այդտեղ մեծ-մեծ տապանաքարեր եղած են: Հնագէտներ եկած են, սակայն այժմ որեւէ հնութիւն այդտեղ գտնել կարելի չէ:

 

Share this Article
CATEGORIES