«Եուրոփա Լիկ». Փիւնիկ Անցաւ Բ. Հանգրուան. Գանձասար Դուրս Մնաց
Երէկ գիշեր «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ տեղի ունեցան զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումները:
Հայկական երկու խումբեր` Փիւնիկ եւ Գանձասար, իրենց կարգին կատարեցին իրենց մրցումները, առաջինը` իր դաշտին վրայ, իսկ երկրորդը` իր դաշտէն դուրս:
Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ, Փիւնիկ, որ հիւրընկալեց Թեթեքսը, կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` շնորհիւ Վիուլեն Այվազեանի նշանակած կոլին, մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (93-րդ): Երթի մրցումը աւարտած էր 1-1 արդիւնքով:
Այսպիսով, Փիւնիկ յաղթահարեց Ա. հանգրուանի այս արգելքը եւ Բ. հանգրուանին իրեն մրցակից պիտի ունենայ Սենթ Փաթրիքս (Այիր) – Զալկիրիս Վիլնիուս (Լաթվիա) մրցումին յաղթականը:
Իսկ ինչ կը վերաբերի Աքթոպէ – Գանձասար մրցումին, երթին իր կրած պարտութեան նման, Գանձասար երէկ եւս 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով դուրս մնաց մրցաշարքէն:


