Ճատրակ. Աշոտ Վարդապետեան` Անանտ – Քարլսըն Հանդիպումին Գլխաւոր Իրաւարարը
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը (armchess.am) կը հաղորդէ, որ ՖԻՏԷ-ի նախագահ Քիրսան Իլիումժինովի որոշումով, միջազգային իրաւարար Աշոտ Վարդապետեան (Հայաստան) նշանակուած է Վիշվանաթան Անանտ – Մակնիւս Քարլսըն ճատրակի աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին տիրանալու հանդիպումին գլխաւոր իրաւարարը:
Այս հանդիպումը անոնց միջեւ տեղի պիտի ունենայ 6-26 նոյեմբերին` Չինաստանի Շենայ քաղաքին մէջ:
Հայկական կայքէջը կ՛եզրափակէ ըսելով, որ առ ի յիշեցում, հայրենի միջազգային իրաւարարը եղած էր նաեւ գլխաւոր իրաւարարը Անանտ – Կելֆանտ աշխարհի ախոյեանութեան աւարտական մրցումին (Մոսկուա, 2012):
CATEGORIES Մարզական

