«ՖԻՆԻՒԼ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ Է ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼՈՒ ԻՐ ՍՏԱՆՁՆԱԾ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ» ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ ԶՕՐ. ԱՍԱՐԹԱ

Հանրապետութեան նախագահը եւ զօր. Ասարթա

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթան, որուն հետ քննարկեց հարաւի մէջ տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ իտալական ջոկատը թիրախ դարձուցած անարգ պայթումը:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ստանձնած պարտականութեան գործադրութեան եւ սահմանային խաղաղութեան պահպանումին` գործադրելով Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ներկայութիւնը` լիբանանեան բանակին կողքին, կարեւոր է պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Նախագահ Սլէյման վերստին դատապարտեց ՖԻՆԻՒԼ-ը թիրախ դարձուցած պայթումը եւ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն` շեշտելով, որ լիբանանեան պետութիւնը երբեք պիտի չդիւրացնէ ահաբեկիչներուն արարքը, այլ` մնայուն կերպով պիտի հալածէ զանոնք եւ պատժամիջոցներ որդեգրէ անոնց դէմ:

Զօր. Ասարթա այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց ներկայ իրադարձութիւնները:

Զօր. Ասարթա այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ՖԻՆԻՒԼ-ը թիրախ դարձուցած պայթումին հետեւանքները, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ բանակին եւ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ ապահովական գործակցութեան ամրապնդումը` գործադրել կարենալու համար ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը:

Աւելի ուշ ՖԻՆԻՒԼ-ի կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ զօր. Ասարթա շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն` պայթումին դէմ անոնց ցուցաբերած խիստ դատապարտումներուն համար: Ան ողջունեց նաեւ լիբանանեան բանակը, որ զօրակցեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ին:

Զօր. Ասարթա շեշտեց, որ ՖԻՆԻՒԼ պիտի շարունակէ իր ստանձնած աշխատանքը եւ առաքելութիւնը` ընդգծելով պայթումին շուրջ բացուած հետաքննութեան արդիւնքները բացայայտելու անհրաժեշտութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES