50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 1 յունիս 1961 )
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
«ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԿԱԼՈՒԱԾ»
Շատ արդար եւ իմաստուն կարգադրութեամբ մը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԿԱԼՈՒԱԾ կոչեց այն շէնքը, որ վերջերս գնուեցաւ Էշրեֆիէի մէջ ի նպաստ Անթիլիասի ամերիկահայ գաղութին մէջ կատարուած հանգանակութեանց եւ նուիրատուութիւններու գումարներով:
Արդար եւ իմաստուն կարգադրութիւն` արդարեւ, որ կու գայ նուիրագործելու երախտագիտական այն զգացումները, որ մեր գաղութը, ընդհանրապէս, իր այլազան հաստատութիւններով, ունի հանդէպ գաղութի մը, որ նուիրաբերումի եւ զոհողութեան բազմաթիւ փաստեր տուած է տասնամեակներէ ի վեր` մեր ընդհանրական ցաւերուն կարեկից եւ մեր հանրային բարօրութեան հոգածու նախանձախնդրութեամբ:
Մեր գաղութի գրեթէ բոլոր կազմակերպութիւններն ու հաստատութիւնները` կաթողիկոսարան, բուժարան, օգնութեան խաչ, ճեմարան, հայրենակցական միութիւններ եւ այլն, եթէ այսօր բարօրութեան նախանձելի վիճակի մը մէջ կը գտնուին եւ զանազան մարզերէ ներս` փրկարար աշխատանք կը տանին, ատիկա առաւելաբար կը պարտին ամերիկահայ գաղութի զոհողութեանց, որոնք եղան անսակարկ եւ լիաբուռն` հայապահպան մեր պայքարին մեծ նպաստ բերելով:
Ամերիկայի մեր պատուական գաղութը, որ ամէնէն աւելի ենթարկուած է ձուլման վտանգին, որեւէ գաղութէ աւելի կը զգայ անհրաժեշտութիւնը այն հաւաքական ճիգին, որ սփիւռքի հայութիւնը կը թափէ իր ինքնուրոյն դիմագիծը անաղարտ պահելու համար: Նիւթական այն նպաստը, որ ան տասնամեակներէ ի վեր կ՛ընծայէ բոլոր գաղութներուն, լաւագոյն ապացոյցն է այն շեշտուած հայեցիութեան, որուն վկայութիւնը կու տան յաճա՛խ անգլիախօս մեր հայրենակիցները, որոնց հոգին մնացած է հայ հարիւր տոկոսով:
Ամերիկահայ գաղութը, իր Հայ օգնութեան միութեամբ, Հայ կրթական հիմնարկութեամբ, այլ եւ իր հայրենակցական միութիւններով եւ պատուական բարերարներով, նիւթապէս բարօր իր վիճակին նպաստը կը բերէ այլ գաղութներու, որոնք այլապէս բախտաւոր են իրենց հոծ հայութեամբ եւ հայկական մթնոլորտի պահպանման ազդակներով: Ու այսպէս, գաղութէ գաղութ կը հաստատուի գործակցութիւն մը, ամէն մէկը իր ունեցածով եւ կարելիութիւններով կը սատարէ ամբողջական գործին, որ հայութեան պահպանումն է սփիւռքի մէջ, լաւագոյն օրերու ակնկալութեամբ:
Երկու օր առաջ տակաւին, տուինք լուրը Աթէնքի օգնութեան խաչի «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» վարժարանի հիմնարկէքի արարողութեան, որով առաջին քայլերը առնուած են յունահայ մեր գաղութը հայեցի կրթութեան նոր օճախով մը օժտելու աշխատանքին:
Սոֆիա Յակոբեան մէկն է ամերիկահայ մեր ազնուասիրտ բարերարներէն, որոնք մեծագումար նուիրատուութիւններով կը յաջողցնեն կոթողական գործեր` յաւերժացնելով իրենց անունն ու յիշատակը:
Երախտագէտ մեր գաղութները մինչեւ հիմա գիտցան ու այսուհետեւ ալ պիտի գիտնան ըստ արժանւոյն գնահատել Ամերիկայի մեր հայրենակիցներուն անսահման զոհողութիւնները, որոնք կ՛ըլլան հայու անկեղծութեամբ եւ մաքուր հոգիով:
Այդ երախտագիտութեան ամէնէն ցայտուն եւ գեղեցիկ արտայայտութիւններէն մէկն է Անթիլիասի կաթողիկոսութեան պատկանող շնէքին «Ամերիկահայ կալուած» անուանումը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ Էշրեֆիէի մէջ վերջերս գնուած շէնքը (8 յարկ, 14 յարկաբաժին, 5 խանութ), որ կոչուեցաւ «Ամերիկահայ կալուած», ի նշան այն հոգածու վերաբերումին, որ Ամերիկահայ գաղութը ցոյց կու տայ Անթիլիասի կաթողիկոսարանին եւ ընդհանրապէս` մեր բոլոր հաստատութիւններուն հանդէպ: