ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՐՄԱՏՆԵՐ ԵՒ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԿԱՄԱԽ, ԴԵՐՋԱՆ ԵՒ ԿԱՐԻՆ

Կամախ

Բարձր Հայքի Կամախ եւ Կարին քաղաքները պատմական հին բնակավայրեր են, իսկ Կարնոյ եւ Դերջանի բերրի դաշտերը ցորենի շտեմարան եղած են:

ԿԱՄԱԽ

Կամախ, Դարանաղի գաւառին մէջ, Երզնկայէն հարաւ-արեւմուտք, Եփրատի ձախ ափին, Թանաձոր վտակին վրայ, պատմական Անի-Կամախ բերդաքաղաքն է եւ անցեալին մեհենական դպրութեան կեդրոն եւ թագաւորներու գերեզմաննոց եղած է: Պարսպապատ հինաւուրց բերդին մէջ կային կիսաւեր եկեղեցիներ, գետնափոր անցքեր եւ իշխանական ապարանքներու մնացորդներ: Մեծ Եղեռնի նախօրեակին ունէր 550 տուն թուրք եւ 50 տուն հայ բնակիչ: Կամախի եւ Երզնկայի ու շրջակայքի բնակիչներէն շատեր 1915-ին կոտորուեցան Կամախի կիրճին մէջ:

Կամախէն արեւմուտք, Մեծ եւ Փոքր Արմտան գիւղերը, Եփրատի աջ ափին, լեռնային ինքնամփոփ համայնք էին: Մեծ Արմտան ունէր 246 տուն հայ եւ 30 տուն թուրք, իսկ փոքր Արմտան 76 տուն հայ բնակիչ:

Մեծ Արմտանի Հայրունիներու տոհմի վերապրող շառաւիղներ բնակութիւն հաստատեցին Երեւանի եւ Վարդենիսի շրջանի Սովետակերտ գիւղին մէջ եւ ճանչցուած մասնագէտներ ու գիտաշխատանոցներ տուին: Տոհմը ճիւղաւորումներ ունի նաեւ Պոլսոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Դերջան

ԴԵՐՋԱՆ

Դերջանի դաշտը, Երզնկայի եւ Կարնոյ դաշտերուն միջեւ, Մարիամ, Պախր, Խաչտաղ եւ Խալխալ լեռներով շրջապատուած, արգաւանդ գօտի է եւ ճանչցուած է իբրեւ ցորենի շտեմարան: Կեդրոնը` Մամախաթուն: 231 գիւղերէն 31-ը հայաբնակ էին: Ամէնէն մեծ գիւղը` Բագառիճ, ուր պահպանուած են հին բերդի եւ մեհեանի աւերակներ: Միւս գիւղերէն յիշենք Կոթերը, Փիրիչը, Բուլքը, Դվնիկը, Մանցը, Հողերքը, Խումլարը, Հիրանին, իսկ Ծաղկարին անուանի է իր գեղեցիկ դիրքով, օդով եւ ջուրով. մօտակայքը կը գտնուէր Սուրբ Դաւիթի վանքը:

Դերջանի 12 հազար հայութեան մեծամասնութիւնը զոհ գնաց 1915-ի Մեծ եղեռնին եւ անոնցմէ հազիւ 1500 հոգին փրկուեցաւ: Բագառիճի անուանի տոհմերէն են Թեհլիրեանները:

ԿԱՐԻՆ

Կարին կամ Էրզրում, Բարձր Հայքի մայրաքաղաքը, կը գտնուի Կարնոյ դաշտին հարաւ-արեւելեան կողմը, Եփրատի եւ Արաքսի ակունքներուն մօտ, 1960 մեթր բարձրութեան վրայ: Հիւսիսէն կը հոսի Եփրատ գետը, իսկ հարաւային կողմը կը բարձրանան Գոհանամք,  Այծպտկունք եւ Սուրբ Նշան լեռները: Հարուստ` առատ եւ յորդահոս ակերով, որոնց մէկ մասը քաղաքի բազմահարիւր աղբիւրներուն ջուր կը մատակարարեն, իսկ միւսները իրարու միանալով գետակ մը կը կազմեն, որ կ՛անցնի քաղաքին արեւմտեան կողմէն, երկար եւ կանաչապատ ձորի մը մէջէն եւ կը խառնուի Եփրատի: 1914-ին Կարին ունէր 60 հազար բնակիչ, որուն 15 հազարը հայեր էին:

Կարին

Քաղաքը բաղկացած է գլխաւոր երեք մասէ: Կեդրոնը, բլուրին վրայ` միջնաբերդը իր անմիջական շրջակայքով, որ հնագոյն Կարինը կը կազմէ: Բերդին արտաքին պարիսպները իրենց շրջապատով, որոնք հին Կարինը կը կազմեն: Իսկ բերդին չորս կողմը տարածուող թաղամասերը նոր Կարինը կը կազմեն: Միջնաբերդը ունի հարիւր մեթր երկարութիւն եւ շուրջ 55 մեթր լայնութիւն եւ կառուցուած է Ե. դարուն: Միջնաբերդին հարաւային կողմը կը գտնուի Թեփսի մինարէն, որ իր բարձրութեան շնորհիւ դիտարանի դեր խաղացած է: Արեւելեան կողմը կը գտնուի Չիֆթէ  մինարէն, որ կառուցուած է 962-ին: Ուլու ճամին կառուցած են յոյները իբրեւ դիւանատուն կամ մատենադարան, իսկ սելճուքները 1178-ին մզկիթի վերածած են զայն:

 

Հայոց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին կառուցուած էր 1840-ին, հին եկեղեցւոյ վայրին վրայ: Գլանաձեւ քսան սիւներու վրայ կառուցուած եկեղեցին ունէր 24 մեծ եւ 15 փոքր կլոր պատուհան, երեք կամարաձեւ խորան, երկու աւանդատուն եւ երեք դուռ:

Կեդրոնական վարժարանը հիմնուած էր 1811-ին եւ հետագային վերանուանուեցաւ Արծնեան: Սանասարեան վարժարանը հիմնուած էր 1881-ին, Մկրտիչ Սանասարեանի միջոցներով եւ Կարապետ Եզեանի ջանքերով եւ կրթական բարձրագոյն հաստատութիւն էր, ունէր գիշերօթիկ բաժին, մանկավարժական եւ արհեստագիտական ճիւղեր, տարրալուծարան, գրադարան, հիւանդանոց, դեղարան, փուռ, ներկատուն եւ թանգարան: Միւս վարժարաններն էին` Հռիփսիմեանց օրիորդաց, Մսըրեան, Տէր Ազարեան, Գաւաֆեան, Աղապալեան եւ կաթոլիկ ու բողոքական դպրոցները եւ քանի մը մանկապարտէզներ:

Կարնոյ հայոց տուները երկյարկանի էին, շատ հաստ պատերով, տանիքները փայտէ գերաններով հիւսուած եւ կէս մեթր հողի խաւով ծածկուած: Թոնրատունը` հողին մէջ զետեղուած մեծ ու փոքր թոնիրներ, որոնց ամէնէն մեծը հացի թոնիրն էր, տանիքին վրայ մեծ ծխնելոյզով եւ պատերուն` թոնրատան յատուկ տնային երկաթեայ գործիքներով: Սաքուն` կարպետներով եւ բազմոցներով ծածկուած: Ներքնատունէն սանդուխներ` դէպի վերի սենեակները, որոնց պատերուն` պահարաններ ճերմակեղէնի եւ այլ իրեղէններու համար եւ տախտակաշէն ծալքը` անկողիններուն համար: Մառանը լեցուն` աղոն, իւղ, կարագ, պանիր, ձաւար, կորկոտ, ոսպ, սիսեռ, ճերմակ եւ կանաչ լուբիա` չորցուած, չոր պտուղներ, հաւկիթ, թթուներու տեսակներ` վարունգի, շողգամի, կաղամբի եւ ճակնդեղի, սոխ, սխտոր, գետնախնձոր, ռեհան եւ շոմին: Իսկ քարէ մուսլուխը` գուռը, ըմպելի ջուրի համար: Պատուհաններուն առջեւ կը գտնուէր նստարանը, կարպետով կամ գորգով ծածկուած, ետեւը` թաւշապատ բարձեր շարուած: Սենեակներուն յատակը գորգով կամ կարպետով ծածկուած կ՛ըլլար:

Հացը կը թխէին ամէն օր. երեկոյեան թթխմորով խմոր կը շաղէին եւ կը ձգէին մինչեւ առտու: Առտուն անգամ մը եւս կը շաղէին եւ քիչ ետք կը թխէին բարակ երկար լաւաշները: Թոնիրին մօտ նստող կիներէն կամ աղջիկներէն մէկը խմորը գունդ շինելէն ետք բացեր կը պատրաստէր, իսկ միւսը բացը քաշելով պատատի (ուռենիի բարակ ճիւղերով շինուած, խոտով ծածկուած եւ վրան կտոր անցուած) երեսին կը զարնէր թոնիրի տաք պատերուն:

Կարնեցիներու խոհանոցին ընդհանրացած ճաշերն են սուլու քէոֆթէ, թանապուր, խաշ, հերիսա, բանջարեղէնով եփած միս, փորը լեցուած գառնուկ եւ խմորեղէններու տեսակներ, իսկ օղին ճոխ, շքեղ սեղանին զարդը նկատուած է:

Կարին արհեստներու եւ տարանցիկ առեւտուրի կարեւոր կեդրոն էր եւ հոնկէ կ՛անցնէր եւրոպական երկիրներէ Պարսկաստան տանող առեւտրական մայրուղին: Հայերը գլխաւորաբար արհեստաւորներ եւ առեւտրականներ էին: Ամէն արհեստ իր փողոցը ունէր, որ տուեալ արհեստին անունով կը կոչուէր:

Կարնոյ բարեբեր դաշտը տարածուած է քաղաքին հիւսիսային կողմը եւ ջրարբի է. Եփրատ դաշտին մայր գետն է. կան բազմաթիւ ակեր եւ առուներ: Քաղաքէն քանի մը քիլոմեթր հեռու, Եփրատի եզերքը տարածուած է ճահճացած լճակ մը` Շամբը, եղէգնաբոյսերով ծածկուած, լեցուն` ջրասէր թռչուններով, գորտերով, կրիաներով, օձերով, միջատներով եւ բազմատեսակ ձուկերով, որոնցմէ նշանաւոր են կարմրախայտը եւ ծածանը: Դաշտէն հիւսիս կ՛երկարին Խաչափայտի լեռները: Հայ եւ թուրք խառն բնակչութեամբ գիւղերն են` Կան, Չիֆթլիկ, Կէզ, Բլուր, Շխնոց, Մուտուրկա, Սովուգ Ջերմուկ, Գեղախոռ, Պատիշէն, Օձնի, Իլիճէ, Ղարարզ, Դվնիկ, Կրճնկոց, Կռիչք, Ումուտում, Գոմք, Թարքունի, Նորշէն, Ըղտաձոր, Արծթի, Խաչկավանք, Երկնիստ, Ձիթող, Թուանճ, Տինարգոմ, Հինձք, Ղայափա, Ղարահասան, Սալաձոր եւ Սէկիւրտլի, որոնք բոլորը միասին 25 հազար հայ բնակչութիւն ունէին:

Հարուստ մարգագետիններուն շնորհիւ զարգացած է անասնապահութիւնը. նշանաւոր են Կարնոյ ոչխարը, կովը, եզը, գոմէշը եւ ձին: Կը մշակեն գլխաւորաբար ցորեն, գարի եւ հաճար:

Կարնոյ հայ գիւղացիներուն մէջ տարածուած էր իրերօգնութեան եւ հաւաքական տնտեսութեան դրութիւնը: Քանի մը տասնեակ ընտանիքներ մէկ ամբողջութիւն կը կազմէին. ամէն ընտանիք իր կովերէն ստացած կաթը կարգով կը տանէր մէկ ընտանիքի, եւ այսպէս մէկ-երկու շաբաթ շարունակաբար: Կաթը ստացող տան տաշտերը կը լեցուէին կաթով, որուն երեսներէն երեք-չորս օր վերջ կը քաշէին սերուցքը, իսկ մնացածէն պանիր կը պատրաստէին: Սերուցքը հողէ ամաններու մէջ կը լեցնէին եւ քանի մը օր վերջ խնոցի հարելով կարագ կը հարէին, իսկ թանը չորցնելով չորթան կը պատրաստէին:

Կարնոյ ձմեռը երկարատեւ է, շուրջ վեց ամիս, եւ ջերմաստիճանը զերոյէն վար 25 եւ մինչեւ 40 աստիճան կ՛իջնէ: Ձիւնը մինչեւ տուներուն տանիքը կը հասնի, սոված գայլերու վոհմակները յաճախ գիւղերը կ՛իջնեն, իսկ քաղաքին առջեւ տարածուած դաշտը ճերմակ ծովու կը նմանի: Մարտին տանիքներուն եւ փողոցներուն ձիւնը կը հալի, արագիլները կը ժամանեն, իսկ հովիւները նախիրը դաշտ կը տանին եւ կը սկսին հողագործական աշխատանքները: Բնութիւնը կը ծաղկի եւ դաշտերն ու լեռները, հազարան ծաղիկներով զարդարուն, դիւթիչ տեսարան մը կը պարզեն: Մայիս մէկէն սկսեալ կռունկները, սարեակներն ու այլ թռչուններ երամ-երամ կը վերադառնան հարաւէն: Ամառը տաք է եւ պարզկայ, բայց գիշերները զով եւ յատկապէս սեպտեմբերէն սկսեալ պաղ կ՛ընէ: Դաշտը, յուռթի կանաչութեանց մէջ, տարբեր-տարբեր տեսարաններ կը պարզէ. մէկ կողմը ցորենի արտերուն դեղին տարածութիւնները, միւս կողմը` դալագեղ մրգաստաններ: Թռչունները, խումբ-խումբ, կարկաչելով ու ճռուողելով կը ծածկեն երկնակամարը: Ամէն կողմ` հունձքի եւ կալ ու կուտի ժրաջան աշխատանք, իսկ առաջին անձրեւներէն ետք, հազիւ աշնանացանը կատարուած կը սկսին ցուրտերն ու սառնամանիքները:

Կարնեցիներու նկարագիրին յատկանշական գիծերն են անկեղծութիւնը, սրտբացութիւնը, հաղորդականութիւնը, մաքրասիրութիւնը եւ բարեխղճութիւնը: Աւանդապահ եւ նահապետական ընտանիքներէն շատեր քանի մը սերունդ մէկ յարկի տակ կ՛ապրէին սիրով եւ համերաշխօրէն: Ընտանիքը սրբութիւն է եւ անոր բարօրութիւնն ու խաղաղ կենցաղը արժանապատուութեան հարց է:

Ռուս-թրքական 1828-1829-ի պատերազմէն ետք եւ Ատրիանապոլսոյ դաշնագիրին հիմամբ, գրաւող ռուսական բանակներու նահանջէն ետք, Կարնոյ եւ դաշտի գիւղերու բնակիչներէն շատեր, իրենց առաջնորդ Կարապետ արքեպիսկոպոս Բագրատունիի գլխաւորութեամբ 1830 մայիս-յունիս ամիսներուն գաղթեցին եւ բնակութիւն հաստատեցին Ախալքալաքի, Ախալցխայի, Ծալկայի, Լոռիի, Գիւմրիի եւ այլ շրջաններու մէջ: Գաղթականները իրենց հետ տարին վանքերու ու եկեղեցիներու խաչերը, սրբապատկերները, եկեղեցական մատեաններն ու այլ սրբութիւններ: Վերաբնակեցուած շրջանները մեծ մասամբ կարնեցիական դիմագիծ ստացան, ուր Կարնոյ բարբառը եւ բարքերն ու սրբութիւնները անխաթար կերպով պահպանուած են:

Երկրորդ անգամ` ռուս-թրքական 1877-1878-ի պատերազմին ժամանակ ռուսական զօրքերը գրաւեցին Կարինը: Սան Սթեֆանոյի դաշնագիրին հիմամբ, ռուսական զօրքերը 1878 սեպտեմբեր 7-ին պարպեցին քաղաքը: Անոնց հետ Կարինէն եւ գիւղերէն հեռացող ընտանիքները Արեւելեան Հայաստան հասնելով պատսպարուեցան իրենց հայրենակից նախկին գաղթականներուն կողմէ:

Կարնոյ եւ շրջակայքի հայութեան մեծ մասը զոհ գնաց 1915-ի Մեծ եղեռնին: 1916 փետրուար 16-ին ռուսական բանակը, հայ կամաւորներու օգնութեամբ, գրաւեց Կարինը, ուր համախմբուեցան Եղեռնէն փրկուած հայեր: Ռուսական բանակի նահանջէն ետք, Անդրանիկ, կամաւորները եւ ժողովուրդը 1918 փետրուարի վերջաւորութեան հեռացան Կարինէն: Այնուհետեւ հոն մնացին փոքրաթիւ հայեր:

ՓԱՍՏՐՄԱՃՈՆՑ ՏՈՒՆԸ

Կարնոյ ամէնէն համբաւաւոր եւ հեղինակաւոր տոհմն են Փաստրմաճեանները: Ընտանիքին նահապետը` ուստա Օհաննէս, որուն անդրանիկ զաւակը` Խաչատուր ամուսնացաւ ենիչերի բէկէ մը փախցուած եւ իրենց տունը ապաստան գտած Ոզնի գիւղացի Ճորոխենց Զանազանի հետ: Խաչատուր ընդարձակ կալուածներու եւ մեծ հարստութեան տէր դարձաւ եւ եղաւ էֆէնտի` սուլթանի թիկնապահի աստիճանով: Ան եկեղեցիներ եւ կամուրջներ, ինչպէս նաեւ հոյակապ բաղնիք եւ խան շինել տուաւ եւ աղքատներ ու բանտարկեալներ կերակրելով անոնց նեցուկ հանդիսացաւ: Թուրքեր խանը հրդեհեցին եւ 1872 սեպտեմբերին Կարնոյ շուկային մէջ զարկին Խաչատուր էֆէնտին: Կինը` Զանազան մահացաւ 1892-ին:

Խաչատուր էֆէնտիին փոքր եղբայրը` հաճի Սարգիս էֆէնտի արկածախնդրական ոգի ունէր եւ աշխարհ տեսնելու փափաքով շրջագայեցաւ ամբողջ Արեւելքը` Պոլիսէն մինչեւ Եգիպտոս եւ Դամասկոսէն մինչեւ Թիֆլիս:

Խաչատուրի եւ Զանազանի տղաքը` Յարութիւն, Յովհաննէս, Տիգրան եւ Սեդրակ, իրենց քոյրերուն հետ ժառանգեցին ընտանեկան աւանդները:

Փաստրմաճոնց շէն տունը կը կառավարուէր նահապետական կարգ ու սարքով: Մարմարեայ ապարանքը շրջապատուած էր գեղեցիկ պարտէզով եւ փոքրիկ առիւծի արձաններու բերնէն հոսող ջուրը կը վազէր դէպի աւազանը: Ամբարները լեցուն էին ցորենով եւ դաշտի բարիքներով: Ախոռը կը պահէին ընտիր ձիեր: Տունն ու շրջափակը ամրացուած էին երկաթեայ դուռերով: Բազմանդամ գերդաստանին ծառաները ընտանիքի անդամ կը նկատուէին:

Քաղաքի ապարանքէն զատ, Իլիճէ գիւղին մէջ ալ տուն ունէին: Կալուածները կը մշակուէին մարապաներու կողմէ. մարապաները կը վարէին, կը ցանէին, կը հնձէին եւ կալ ու կուտի աշխատանքներէն ետք բերքէն բաժին կը ստանային:

Ռուս-թրքական 1877-1878-ի պատերազմին, ռուսական բանակին կողմէ Կարնոյ գրաւումէն ետք, Փաստրմաճոնց տունը ժամադրավայր դարձաւ ռուս բարձրաստի    ճան զինուորականներու եւ յատկապէս հայազգի զօրավարներ Միքայէլ Լոռիս Մելիքովի, Արշակ Տէր Ղուկասովի եւ Իվան Լազարեւի, որոնք ամէն օր կը վայելէին ընտանիքին ճոխ սեղաններն ու նահապետական հիւրասիրութիւնը:

Փաստրմաճեան եղբայրները կարեւոր դերակատարութիւն ունեցան 1890-ական տարիներու յեղափոխական խմորումներուն մէջ: Յարութիւնի զաւակներն են` Գարեգին, Խաչիկ, Վահան եւ Հերմինէ:

Գարեգին կամ Արմէն Գարօ (1872-1923), յեղափոխական եւ քաղաքական մեծանուն գործիչ, Փաստրմաճոնց տան փառքն ու պարծանքը եղաւ: Ամուսնացաւ գանձակեցի Մելիք Բեգլարեաններու տոհմի շառաւիղ Մաշուկի հետ: Զաւակը` Հրանդ (1904-1954) բազմահմուտ եւ միջազգային համբաւի տէր գիտնական եղաւ:

Խաչիկ Փաստրմաճեան Կարնոյ Լաւին դեղարանին սեփականատէրն էր, իսկ Վահան Փաստրմաճեան հարիւրապետի աստիճանով ծառայեց Հայաստանի Հանրապետութեան բանակին մէջ:

ԳԱՒԱՖԵԱՆՆԵՐԸ

Կարնոյ մեծ տոհմերէն Գաւաֆեանները կը բնակէին Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մօտը գտնուող Տաճարին փողոցին վրայ. անոնց պապենական արհեստն էր ձիաւորներու եւ կառապաններու կաշիէ պիտոյքներու, թամբի, սանձի եւ պախուրձի պատրաստութիւնը: Անոնցմէ Արշակ, հայ ազատագրական պայքարի նուիրեալ Քեռին, կամաւորական չորրորդ գունդի հրամանատարը, նահատակուեցաւ 1916-ին: Եղբայրներն են Տէր Յուսիկ եւ Տէր Արշակ (նահատակ եղբօր անունով վերակոչուած) քահանաները:

Մարտիրոս Գաւաֆեան եւ զաւակները կը զբաղէին կովու եւ ոչխարի արտածումով եւ ապուխտի պատրաստութեամբ: Մարտիրոս էֆէնտիի նուիրատուութեամբ հիմնուեցաւ Գաւաֆեան վարժարանը, ի յիշատակ իր հօր` Յովհաննէս Գաւաֆեանի: Իսկ Արտաշէս Գաւաֆեան Շաւարշ Միսաքեանի խմբագրապետութեամբ Կարնոյ մէջ հրատարակուող «Յառաջ» թերթին աշխատակից էր:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES