ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԵԱՆՔ

ԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՏՆՕՐԷՆ
ԲԵԿՈՐ ՓԱՓԱԶԵԱՆ ԿԸ ՀՐԱԺԱՐԻ ԻՐ ՊԱՇՏՕՆԷՆ

Բեկոր Փափազեան

Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Բեկոր Փափազեան 15 յունիսին պիտի ձգէ իր պաշտօնը` իր սեփական դիմումին համաձայն: Այս մասին մայիս 27-ին յայտնեցին Ազգային մրցունակութեան հիմնադրամէն:

«Այս որոշումը երկար քննարկումների արդիւնք է: Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամի հոգաբարձուների խորհուրդն իր 20-րդ նիստում հաստատեց, թէ Բեկոր Փափազեանի կատարած աշխատանքը խիստ կարեւոր է եղել կառոյցի հիմնադրման, զարգացման եւ ոլորտային ուղղութիւնների յստակեցման տեսանկիւնից: Պարոն Փափազեանը բարեխղճօրէն իրականացրել է իր առջեւ դրուած հիմնական նպատակը` Հայաստանում գործարկել պետական-մասնաւոր համագործակցութեան սկզբունքով առաջնորդուող կառոյց: Նրա պաշտօնավարման արդիւնքում, նաեւ մեկնարկել են հիմնադրամի առանցքային եւ խոշորագոյն ծրագրերը զբօսաշրջութեան եւ առողջապահութեան ոլորտներում` գրանցելով էական առաջընթաց», ըսուած է հիմնադրամի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Նշենք, որ վերջերս մամուլի մէջ մեծ աղմուկ բարձրացած էր Բեկոր Փափազեանի` 6,2 միլիոն դրամի աշխատավարձ ստանալուն ի պատճառով: Ազգային մրցունակութեան հիմնադրամը անկախ կառոյց է` հիմնուած Հայաստանի կառավարութեան եւ Միացեալ Նահանգների, Ռուսիոյ, Եւրոմիութեան եւ Հայաստանի յառաջատար գործարար ներկայացուցիչներու համագործակցութեամբ: Հիմնադրամին նպատակն է տնտեսութեան առանցքային ոլորտներու զարգացման միջոցով հասնիլ ազգային մրցունակութեան:

«ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ ԿԼՈՊԱԼԱՑՈՒՈՂ ԱՇԽԱՐՀՈՒՄ»
ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Երեւանի մէջ մայիս 26-ին բացուեցաւ «Սփիւռքի հեռանկարները կլոպալացուող աշխարհում» խորագրեալ միջազգային երկօրեայ համաժողովը, որ կազմակերպուած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ:

Համաժողովին նպատակն է քննարկել պետութիւն-սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման ուղիները եւ սփիւռք ունեցող պետութիւններուն միջեւ համագործակցութեան հարցերը: Համաժողովին կը մասնակցին 12 երկիրներու` համապատասխան պետական մարմիններու ղեկավարներ եւ Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցիչներ:

Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Վիգէն Սարգսեան ներկայացուց նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձը: Ս. Սարգսեան, ողջունելով համաժողովին մասնակիցները, յոյս յայտնած է, որ համաժողովը մեծապէս պիտի նպաստէ տարբեր պետութիւններու եւ այնտեղ ձեւաւորուած այլ ժողովուրդներու սփիւռքին ու անոնց հայրենիքներուն միջեւ համագործակցութեան:

«Յոյսով եմ, որ համաժողովը կը բացայայտի տարբեր ժողովուրդների սփիւռքներին միաւորող սկզբունքները, առկայ մարտահրաւէրները, հիմնահարցերը: Ժամանակի թելադրանքն է, որ միջազգային իրաւունքի սահմաններում կարգաւորուեն եւ լուծուեն սփիւռքին առնչուող ընդհանրական խնդիրները», ըսուած է նախագահի ուղերձին մէջ:

Համաշխարհայնացման գործընթացը, ժողովրդագրական տեղաշարժերը, ըստ նախագահին, ի յայտ կը բերեն հաւաքական ինքնապաշտպանութեան նոր հիմնախնդիրներ, որոնց մէջ առաջնահերթ են ժողովուրդներու միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւումը, պետութիւններու միջեւ գոյութիւն ունեցող հակամարտութիւններու վերացումը, ինչպէս նաեւ համատեղ ուժերով ահաբեկչութեան եւ պատերազմներու վտանգի բացառումը: Այս պարունակին մէջ նախագահը կարեւոր համարած է ժողովրդավարական ու պատմամշակութային արժէքներ որդեգրած սփիւռքին դերը:

Լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նշեց, որ իրենց ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, թէ աւելի քան 40 երկիրներու մէջ կը գործեն նախարարութիւններ ու կառոյցներ, որոնք կը զբաղին «սփիւռք» հասկացողութեամբ, քաղաքականութեամբ եւ սփիւռքի հետ տարուող աշխատանքներով:

«Մեր երկու տարուայ փորձառութիւնը հնարաւորութիւն տուեց Հայաստանում մէկ յարկի տակ հաւաքել բոլոր նրանց, ովքեր զբաղւում են սփիւռքով, մեծ սփիւռք ունեն: Նախ` առաջինը փորձելու ենք փորձի փոխանակման առումով միմեանց լաւ ճանաչել, հասկանալ, թէ իւրաքանչիւր սփիւռք ի՞նչ կարգավիճակով է գործում եւ այլն», ըսաւ Հ. Յակոբեան: Անոր խօսքով, երկրորդ կարեւոր հանգամանքը այն է, որ միջազգային կառոյցներու ուշադրութիւնը կը հրաւիրուի «սփիւռք» երեւոյթին վրայ, որովհետեւ սփիւռքը հայրենիքէն դուրս ապրող մարդոց խումբ է, եւ անիկա ունի իրաւունքներ ու պարտականութիւններ:

«Մեր նպատակներից մէկն այն է, որ դիմենք ՄԱԿ-ին` յանձնախումբ ստեղծելու համար, որ վերջինս սկսի ուսումնասիրել «սփիւռք» երեւոյթի բազմաշերտ, բազմաձեւ, բազմակարիք գոյութիւնը: Պէտք է համատեղ մշակել կառուցակարգեր, որոնք կարող են օգնել սփիւռքին», նշեց Հ. Յակոբեան:

Համաժողովի իր ելոյթին մէջ, Հ. Յակոբեան անդրադաձաւ սփիւռքի հիմնախնդիրներուն, ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ սփիւռքներու համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցերու: Մասնաւորապէս նախարարը նշեց, թէ սփիւռքի ապագայ հեռանկարներուն մասնակցութիւն ունենալ կը նշանակէ` համընդհանուր արժէքներու տարածում եւ բազմակողմանի գործակցութեան, բազմամշակութային երկխօսութեան նպաստող համաշխարհային դաշտի ձեւաւորում:

«Դա նշանակում է, որ սփիւռքի նկատմամբ քաղաքականութիւնը ստացել է ոչ միայն ազգային, այլեւ վերազգային եւ ընդհանուր  կարեւորութիւն», ըսաւ Հ. Յակոբեան:

Համաժողովի աւարտին կը նախատեսուի կատարել հետագայ նախաձեռնութիւններու եւ իրականացուելիք աշխատանքներու վերաբերեալ յայտարարութիւն մը:

«ՑԱՒԻ, ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՊԱՅՔԱՐԻ ԿՈԹՈՂՆԵՐՈՒ
ՊԱՏԿԵՐԱԳԻՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ

Ապրիլ 21-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կողմէն հրատարակուած «Ցաւի, յիշողութեան եւ պայքարի կոթողներ» պատկերագիրքին շնորհահանդէսը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, ան նշեց, որ` «հանրութեան դատին յանձնուող ձեռնարկը սփիւռքի աւելի քան հարիւր հայկական համայնքներու հետ աշխատանքի արդիւնքն է: Պատկերագիրքի ստեղծումը ապացոյց է, որ Հայ դատի եւ պահանջատիրութեան համար պայքարը կը շարունակուի: Անիկա իւրօրինակ ապտակ մըն է պատմութեան կեղծարարներուն, եւ` բոլոր անոնց, որոնք կը փորձեն ժխտել Հայոց ցեղասպանութեան փաստը»:

Ապա սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի հայրենադարձութեան եւ հետազօտութիւններու վարչութեան պետ Ա. Եղիազարեան համառօտ կերպով ներկայացուց պատկերագիրքը, որ կ՛ընդգրկէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին նուիրուած յուշակոթողներու լուսանկարներ եւ անոնց մասին տեղեկութիւններ: Հայոց ցեղասպանութեան 95-ամեակին առիթով նախաձեռնելով այս պատկերագիրքի ստեղծումը` նախարարութիւնը նպատակադրած է մէկ գիրքի մէջ ամփոփել Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւններուն, ինչպէս նաեւ սփիւռքի մէջ գտնուող յուշակոթողները: Պատկերագիրքը կը վկայէ սփիւռքի կազմակերպութիւններուն, կառոյցներուն եւ անհատներուն` Հայ դատի պայքարին հաւատարմութեան մասին: Ան նաեւ երախտագիտութեան իւրօրինակ արտայայտութիւնն է պետական եւ տեղական իշխանութիւններուն, որոնք նպաստած են իրենց երկիրներուն, իրենց համայնքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձաններու եւ համալիրներուն կառուցման:

Ձեռնարկին խօսք առին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի երեսփոխաններ Հրայր Կարապետեան եւ Շիրակ Թորոսեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան, Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Աւետիք Իսահակեան, Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան, Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի տնօրէն Էդիկ Մինասեան, պատմութեան ամպիոնի վարիչ Բաբգէն Յարութիւնեան եւ ուրիշներ:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐ
ՀՐԱՆՈՒՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԱՐԻ ՏՈՒՆ»
ԾՐԱԳԻՐՈՎ ԳԵՐՄԱՆԻԱ ՄԵԿՆՈՂ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Հեսսենի Հայ մշակութային միութեան հրաւէրով «Արի տուն» ծրագիրի շրջագիծին մէջ Գերմանիա մեկնող երիտասարդները:

Ան նշեց, որ այս նախաձեռնութիւնը կարելի է «Արի տուն» ծրագիրի շարունակութիւնը նկատել` շեշտելով, որ երիտասարդները կը ներկայացնեն ո՛չ միայն իրենց ընտանիքները, դպրոցը կամ համայնքը, այլ նաեւ` Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը, ուստի Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Ապրիլ 23-30 Գերմանիա մեկնած եօթը երիտասարդներէն հինգը Երեւանէն են, իսկ երկուքը` Քասախ գիւղէն: Երիտասարդները հիւրընկալուած են Հեսսենի Հայ մշակութային միութեան ներկայացուցիչներուն ընտանիքներուն մօտ:

Անոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին շարք մը մշակութային ձեռնարկներու, իսկ ապրիլ 24-ին` Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին առիթով Ֆրանքֆորթի մէջ կազմակերպուած երթին:

ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ` ՁԱՅՆԱՍՓԻՒՌԻ, ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ
ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ՃԻՒՂԻ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒՆ

19-21 ապրիլ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի մէջ կազմակերպուած էր դասընթացք, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Հայաստանի համալսարաններու թեքնիք ճիւղերու 54 ուսանողներ: Անոնք ձայնասփիւռի, պատկերասփիւռի եւ տեղեկատուական թեքնիք ճիւղերու երրորդ եւ աւելի բարձր դասարաններու ուսանողներ են:

Ուսանողներուն ներկայացուցած են հեռահաղորդակցութեան արհեստագիտութեան հիմունքները` անլար ցանցերու արագ զարգացող ճիւղի օրինակով: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի համապատասխան մասնագէտներ ներկայացուցին նաեւ շարժական հեռահաղորդակցութեան համակարգի հիմնական տարրերուն, ինչպէս` ռատիօ հասանելիութեան ցանցը եւ ցանցերու փոխկապակցման ենթահամակարգը: Ուսանողները ծանօթացան նաեւ տեղանքի տեղակայման եւ կայաններու շահագործման արհեստագիտական գործիքներուն:

Դասընթացքին վերջին օրը ուսանողները այցելեցին «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի կայաններէն մէկը: «Մենք ձեզի կը փոխանցենք մեր գիտելիքներն ու փորձը. օգտուեցէք ատկէ», նշեց «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան. «Մենք հաւատացած ենք, որ մեր երիտասարդութիւնը ունի հայկական ներուժ, եւ մենք պատրաստ ենք օգնելու անոնց` հնարաւորութիւն ընձեռնելով մեր ընկերութեան մէջ ստանալ գործնական գիտելիքներ», աւելցուց ան:

Դասընթացքին աւարտին տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն եւ արհեստագիտական դպրոցի ուսանողներուն շնորհուեցան աւարտական վկայականներ, ինչպէս նաեւ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի աշխատանքային ասպարէզի զարգացման ծրագիրի շրջանակներուն մէջ իրաւաբանական թեմայով գրութիւններու 2010 նոյեմբերին համալսարանի ուսանողներուն համար մրցումին յաղթողներուն գնահատական վկայականներ տրուեցան:

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ`
ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՀԱՒԱՔԱԾՈՅԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

25 մայիսին, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ արուեստի աշխատանքներու մնայուն հաւաքածոյի ցուցադրութիւն, որուն մասնակցած են մասնագիտական տարբեր ոլորտներ ներկայացնող նկարիչներ, արուեստագէտներ, թանգարաններու տնօրէններ, պաշտօնեաներ եւ ուրիշներ:

Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան արուեստի մնայուն հաւաքածոն, որուն նիւթը եղած է «Հովուերգական բնութիւն»ը, տրամադրուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան «Արուեստը դեսպանատուներուն մէջ» ծրագիրին կողմէ, 2005 թուականին, երբ դեսպանատունը տեղափոխուած է նոր վայր: Հաւաքածոն բաղկացած է 42 ժամանակակից արուեստի գործիչներու 68 աշխատանքներէ:

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ Հայաստանի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մարի Եովանովիչ հաւաքածոյին ցուցադրութեան ընթացքին իր խօսքին մէջ յայտնած է. «Մենք կազմակերպեցինք այս շրջայցը, որովհետեւ կը կարծենք, որ արուեստի գործերուն հաւաքածոն աւելին է, քան` զուտ տեքորը: Այս գործերը մեր մշակութային քաղաքականութեան մաս կը կազմեն: Այս աշխատանքներուն հեղինակները հայ, ամերիկացի եւ ամերիկահայ արուեստագէտներ են: Այս առումով, անոնց աշխատանքները կը հարստացնեն երկու երկիրներուն մշակութային աշխուժ կեանքը, ինչպէս նաեւ` այդ մշակոյթներուն համակցութիւնը», շեշտած է դեսպանը:

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՕՐ`
ԵՐԵՒԱՆԻ ԿԵՆԴԱՆԱԲԱՆԱԿԱՆ ՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ

Մանուկներու իրաւունքներու պաշտպանութեան տօնը ամէնէն գունաւոր օրը դարձնելու նպատակով համահայկական նկարչական օրը այս տարի պիտի կայանայ Երեւանի կենդանաբանական պարտէզին մէջ: Կենդանի երաժշտութեամբ, բազմաբնոյթ խաղերով, թատերական ներկայացումներով ուղեկցուող 1 յունիսին կայանալիք այս մեծ ձեռնարկը պիտի ազդարարէ վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամի եւ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի կողմէ իրականացուող համահայկական նկարչական ամէնամեայ մրցոյթին մեկնարկը:

Այս տարուան մրցոյթը պիտի իրագործուի` «Իմ երազանքներու կենդանաբանական այգին», «Իմ հայրենի բնութիւնը» եւ «Ես ծառ եմ» նիւթերով: Փոքրիկները կարելիութիւն պիտի ունենան կենդանաբանական պարտէզին մէջ իրենց նկարները մրցոյթին ներկայացնելու նոյնիսկ ձեռնարկին ընթացքին: Նշենք, որ մրցոյթը պիտի շարունակուի մինչեւ սեպտեմբեր 1: Իսկ համահայկական նկարչական մրցոյթին արդիւնքները պիտի ամփոփուին հոկտեմբեր 14-18 կայանալիք «Արեւորդի» 3-րդ բնապահպանական միջազգային փառատօնի շրջանակին մէջ:

Նշենք, որ Երեւանի կենդանաբանական պարտէզը, իր կարգին, միանալով նկարչական ուրախ տօնին, առանձին մրցանակ սահմանած է` «Իմ երազանքների կենդանաբանական այգին» նիւթով նկարներուն շահողներուն համար: Առաջին դիրքը գրաւողին համար կ՛ենթադրուի 1 տարուան խնամակալութիւն, 1 տարուան անվճար մուտքի կարելիութիւն` իր ծնողներուն հետ, բացատրական յատուկ շրջապտոյտ` կենդանաբանական պարտէզի տնօրէնին եւ մասնագէտներու ուղեկցութեամբ, ինչպէս նաեւ Երեւանի կենդանաբանական պարտէզի յուշանուէրներու հաւաքածոյ:

ՆՈՐՎԵԿԻԱՑԻ ԳԻՏՆԱԿԱՆ ՖՐԻՏԵՈՖ ՆԱՆՍԵՆԻ
150-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
ՊԻՏԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԻ 500 ՅՈՒՇԱՄԵՏԱԼ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու իրականացման եւ Ֆրիտեոֆ Նանսենի ծննդեան 150-ամեակին կապակցութեամբ յոբելենական յուշամետալներու հրապարակման նպատակով Հայաստանի կառավարութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին տրամադրելու համար` Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան յատկացուցած է 12 միլիոն 930 հազար դրամ:

Թանգարան-հիմնարկը այդ գումարով տարբեր աղբիւրներէ ձեռք պիտի բերէ թանգարանային ցուցադրութիւններու կազմակերպման համար անհրաժեշտ միաւորներ, պիտի հոգայ «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ սկանտինաւեան արձագանգը» նիւթով գիտաժողովին հրաւիրուած օտար գիտնականներու ճանապարհածախսը, ինչպէս նաեւ պիտի հրապարակէ Ֆրիտեոֆ Նանսենին նուիրուած յոբելենական յուշամետալէն 500 օրինակ:

ԳԱՆՁԱՍԱՐԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ Է
ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻ ՄԸ` ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ
ԶՈՀՈՒԱԾ 14 ԿՈՒՊԱՆԻ ԿԱԶԱԿՆԵՐՈՒՆ

Մայիս 28-ի Գանձասարի մէջ բացումը կատարուած է յուշարձանի մը` նուիրուած Արցախի մէջ զոհուած 14 Քուպանի կազակներուն: Այս մասին Երեւանի մէջ մամլոյ ասուլիսով յայտարարած է Հայ-ռուսական կազական միաւորման գլխաւոր ատաման Մասիս Միրզոյեան: Ըստ անոր, յուշարձանին բացումը նուիրուած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրուան եւ Սարդարապատի ու Բաշ Ապարանի մէջ հայ ժողովուրդի յաղթանակներուն:

Մասիս Միրզոյեան նշած է, որ 1992-ին Կուպանի 85 կազակներ կամաւորաբար դիմած են` մասնակցելու Արցախի ազատագրական պայքարին: Անոնցմէ 14-ը, որոնց մէջ կը գտնուէր նաեւ Մ. Միրզոյեանի, 18-ամեայ որդին, զոհաբերած են իրենց կեանքը Արցախի ազատագրութեան համար:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՍԵՆԵԿԱՅԻՆ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԸ Է.
ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 90-ԱՄԵԱԿԻՆ ՀԱՄԵՐԳ ՆՈՒԻՐԵՑ

Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան մէջ 25 մայիսին ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբը: Համերգը նուիրուած էր Խորհրդային Միութեան եւ Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, անուանի երգահան, հասարակական գործիչ Էդուարդ Միրզոյեանի ծննդեան 90-ամեակին:

Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան` Սոֆիա Սայադեանը, Արծուիկ Դեմուրճեանը եւ Ինեսա Կոծինեանը: Անոնք մեկնաբանեցին Փախելպելի «Կանոն եւ ծիկօ», Ա. Բաբաջանեանի «Արիա-վոկալիզ», Մոցարթի ստեղծագործութիւնները եւ Է. Միրզոյեանի ստեղծագործութիւնները: Համերգին ներկայ գտնուած են նաեւ Էդուարդ Միրզոյեանը, երաժշտագէտներ եւ արուեստի սիրահարներ: Նուագախումբին գեղարուեստական ղեկավարը եղած է Վահան Մարտիրոսեանը, իսկ երգահանը` Յարութիւն Արզումանեան:

Նշենք, որ Է. Միրզոյեանի 90-ամեակը ամբողջացաւ մայիս 12-ին: Իսկ այս տարուան յոբելենական ձեռնարկներուն մէջ պիտի ներառուին մշակութային, գիտական,-կրթական երեկոներ, գիտաժողովներ, մրցոյթ,փառատօներ, նաեւ` գիրք-պատկերագիրքի եւ յուշերու հրատարակութիւններ, վաւերագրական ժապաւէնի նկարահանում եւ ցուցադրութիւն, ձայնասկաւառակի շնորհահանդէս, Երեւանի պետական երաժշտանոցին մէջ ալ անոր անուան կրթաթոշակի սահմանում:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՀԱԶԱՐՈՒՄԷԿ ԳԻՇԵՐՆԵՐԷՆ
ՀԻՆԳ ԳԻՇԵՐ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Երրորդ անգամ ըլլալով Հայաստանի մէջ կը կազմակերպուի «Արաբական գիշերներ» ժապաւէններու յատուկ ծրագիրը, որ կը նպատակադրէ տարածաշրջանային համագործակցութեան եզրեր եւ կարելիութիւններ ստեղծել արաբական աշխարհի եւ հայ շարժապատկերի գործիչներուն միջեւ:

Մէկ տարի ընդմիջումէ ետք, Հայաստանի մէջ հինգ օր շարունակ, յունիս 1 – 5, արաբական համեմունքներու բոյրով եւ խորհրդաւորութեամբ լեցուն ցուցադրութիւններ պիտի կազմակերպուին Յ. Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնին եւ «Ակումբ» ճաշարանին մէջ:

Փառատօնի շրջանակներուն մէջ պիտի ցուցադրուին Ապտալլա Քաապիի, Տոմինիք Տուպոսքի, Սամեհ Ապտել Ազիզի, Մոհամետ Տարաճիի, Զիատ Տուէիրիի, Սքանտար Քոպտիի հեղինակած ժապաւէնները:

«Արաբական գիշերներ» շարժապատկերի փառատօնի տնօրէն Վրէժ Քասունի լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ «Արաբական աշխարհի հարուստ շարժապատկերի նորագոյն նմուշները Հայաստանի մէջ ներկայացնելով` մենք մեր շարժապատկերի գործիչներուն եւ շարժապատկերի սիրողներուն աշխարհին նոր աչքերով նայելու հրաշալի առիթ պիտի ընծայենք»:

ԸՍՏ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆԻՆ,
ԳԱՖԵՍՃԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ  ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ
ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆ ՄԸՆ Է

Ապրիլ 15-ին «Գաֆեսճեան» արուեստի կեդրոն այցելեցին Մինիսթայի համալսարանի «Ուայսման» արուեստի թանգարանի տնօրէն եւ գլխաւոր հոգաբարձու Լինտել Քինկ եւ Մինէափոլիսի «Եամոմոթօ Ռոս Մաքքինզի» գործակալութեան նախագահ Շելի Ռիկանը:

Ամերիկացի փորձագէտներ շրջեցան «Գաֆեսճեան» արուեստի կեդրոնին մէջ եւ կեդրոնի աշխատակազմին ու ղեկավարութեան հետ քննարկեցին կեդրոնին ցուցադրութիւններն ու ծրագիրները:

«Ես հետեւած եմ «Գաֆեսճեան» արուեստի կեդրոնի կայացման տարբեր փուլերուն եւ ուրախութեամբ կը յայտնեմ, որ անիկա համաշխարհային մակարդակի թանգարան է: Այս իրական յաջողութիւն է», ըսաւ Լինտել Քինկ` աւելցնելով, որ «Գաֆեսճեան» արուեստի կեդրոնի ցուցադրութիւնները, աշխատանքը եւ ծրագիրները կը համապատասխանեն բարձրագոյն միջազգային չափանիշներուն:

Ամերիկացի փորձագէտները Հայաստան կ՛այցելեն իբրեւ թանգարանային սեմինարավարներ: Սեմինարը կազմակերպուած է Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան, թանգարաններու միջազգային խորհուրդի հայաստանեան կոմիտէի եւ թանգարանային աշխատակիցներուն եւ բարեկամներուն ընկերակցութեան կողմէն: Դասախօսներէն Շելի Ռիկանը ելոյթ ունեցաւ հայ արուեստաբան եւ թանգարանագէտ ուսանողներուն առջեւ:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES