ԹՈՒՂԹ ԱՌ ԱԲՈՎԵԱՆ

«Դուք, դուք իրար պահեցէ՛ք ինչպէս ձեր նախնիքը, դուք իրար թասիբ քաշեցէ՛ք, ձեր նախնիքը միտք բերէ՛ք, ձեր հողն ու ազգը պաշտեցէ՛ք, ես ետ եմ դառնում, էլի իմ պատմութիւնն անեմ, բայց աչքս ճամփի ա, ականջս` ձէնի, ձեր ջանին ղուրբան` չթողաք որ էս մուրազս հետս գերեզման տանիմ ու հողումը մարմինս քրքրուի, երկնքումը հոգիս տանջուի, երբ իմանամ, թէ ձեր սէրը պակասել ա, ձեր բարեկամութիւնը ցամաքել…»:

Հայ հայրենասէրը արդէն ողբացած էր դարե՜ր առաջ. «Ողբա՜մ զքեզ, հայոց աշխարհ…»,– սգաց`  Խորենացին. բայց քու հայրենասէրի ողբդ էր, որ հասկնալի ու մատչելի պատգամ էր համայն հայութեան` ռամիկին ու քաղքենիին, մեծին ու փոքրին: Ութհարիւրամեայ անտէրութեան ու պետական զրկման դատապարտուած «էն ազգի զաւակը, որ աշխարհք ամենայն զարմացրել են», իր նկարագրին անյարիր, խաւարամիտ բարք ու վարք կը դրսեւորէր ու հազիւ կը պահպանէր իր գորշ գոյութիւնը: Միայն լուսաւոր նուիրեալներու փայլատակումն էր, որ մերթ ընդ մերթ կ՛ընդմիջէր համատարած մթութիւնը` անթեղուած պահելով նիւթական ու հոգեւոր հայրենիքի պայծառ գաղափարը, որ հազիւ կը պլպլար ամէնօրեայ դաժան ու մթին իրականութեան ծանրութեան տակ…

Հիմա, երկդարեայ հեռաւորութենէս, կարծես հարկադրուած եմ այս նամակը քեզի ուղղելու, կենդանի նահատակ, սիրելի՛ Աբովեան.

Կը գրէիր. «…Օրհնեցէ՛ք ռսի ոտը, ջան-ջանի տուէ՛ք, իրար սիրեցէ՛ք…»: Թէեւ երազանքդ մասամբ իրականացաւ, կարծես դեռ աչքդ «ճամփի ա, ականջդ` ձէնի…», կարծես մուրազդ իրօք տարիր գերեզման, սիրելի՛ Աբովեան: Քու եղերական բացակայութենէդ ետք ռուսական կայսրութեան միացուեցաւ Արեւելահայաստանը, իսկ Արեւմտահայաստանը շարունակեց տնքալ օսմանական լուծի տակ. «էն օրհնեալ հողը, ուր ասորիք, պարսիկք, հոնք, ալանացիք, մակեդոնացիք, հռովմայեցիք, արաբք, օսմանացիք` ջրհեղեղի պէս վրայ հասան, հարիւրաւոր ազգ ու աշխարհ ոտնակոխ արին, ջնջեցին, սրբեցին, թրի, կրակի մատաղ արին, ուր տեղ ու սար չի մնացել, որ արիւն չտեսնի, քար չի մնացել, որ մարդ տակով չանի ու հարիւր մեր հարեւան ազգեր էնպէս են հողի հետ հաւասարուել, կորել, որ էսօր ոչ նրանց շունչը կայ, ոչ` անունը…»: Կարծես հետզհետէ, իր իսկ հողին վրայ նոյն ճակատագրին կ՛ենթարկուէր նաեւ հայ ժողովուրդը, իր յոյսը կապած` այս կամ այն օտարին ու բարի կամեցողին…: Ռուսին ոտքը նոյնպէս ճնշեց հայոց աշխարհին, լեզուին ու մարդուն, դպրոցին ու եկեղեցիին. գուցէ նուազ արիւնոտ, բայց նոյնքան հայակործան ու հայաջինջ… եւ մինչ արթնանար միայն սեփական ուժերուն վստահելով ճակատագիր կերտելու վճռականութիւնը, արեւմտեան կողմն հայաշխարհի` ողբ էր ու գերեզման, արեան հեղեղ ու մահուան գողգոթա …:

Այս տիղմի ու թշուառութեան մէջ լքուած, անտեսուած հայաբեկորները կրկին հրաշք գործեցին ու անթեղուած կրակէն կայծ մը ժայթքեց. վճռուեցաւ անոր գոյատեւելու իրաւունքը մահու կենաց դժխեմ գոյամարտով…: Ազատ անկախ Հայաստանի կերտումով:

Տիրակալ ռուսաստանցին, սակայն, երեք տարի չանցած, վերադարձաւ, որպէս պոլշեւիկ յեղափոխական ռուսաստանցի` բազմահարիւր ազատախոհներու դատապարտող, ու արիւնով ազատագրուած հայրենիքի հողատարածքներ նուիրաբերող` թուրքին, ազերիին ու վրացիին. եւ դեռ` աքսոր, բռնագաղթ, մեծ պատերազմ, հարիւր հազարաւոր զոհեր եւ այլ բաներ…:

Ինչքա՜ն արցունք ու արիւն, քրտինք ու տառապանք, սիրելի՛դ իմ Աբովեան, մինչեւ հերթական կայսրութեան ինքնասպառումն ու փլուզումը…: Յետոյ մխիթարութի՞ւն. ո՛չ. նո՛ր գոյամարտ ու գոյապայքար, Արեւելահայաստանի անկախացում, Արցախի ազատագրում, նուաճում, գոյատեւում հաւատքով, յոյսով, նորի տեսիլքով…: Յետոյ` փրկութի՞ւն. ո՛չ. նո՛ր արտագաղթ, կամաւոր աքսոր, տարագիր հայութիւն… եւ երկրորդ սփիւռք…:

Երանի՜ քեզի, սիրեցեա՛լ Աբովեան, որ մարմնական աչքերովդ չտեսար այդ թախծոտ պատկերը: Երանի՜ քեզի, որ այդ պայծառ առաւօտուն ա՛լ չվերադարձար, որ չտեսար եւ չես տեսներ հայը դժբախտացնող հայու կերպարը, հայու ցաւին հայ հեղինակը…: Գիտէի՞ր արդեօք, եւ բացակայեցար որ չտեսնե՞ս… Չէ՞ որ խոստացար վերադառնալ… գուցէ կը սպասե՞ս… կը սպասես նոր Աղասիներու ծնունդի՞ն… որ հայը Հայաստանի մէջ տեսնէ իր ու իր զաւակներու ապագան, հեռանկարը, տեսլականը… որպէսզի դատարկ բառերէ, ճառերէ ու խոստումներէ անդին ազատութիւն, իրաւունք եւ մարդկայնութի՞ւն գտնէ… տեսնէ ու հաւատայ, գտնէ ու յուսայ, զգայ եւ մնայ կամ վերադառնա՞յ… եւ հայու ազնուազարմ, քաղաքակիրթ զաւակներու հոյլը քանակ դառնայ ու հոծանա՞յ…:

«Թող լսողը չհաւատայ, ամա էս ցաւն էնպէս է սիրտս առել, որ շատ անգամ գժուածի պէս ընկնում էի սար ու ձոր, ման գալիս, մտածում, էլի էդ սիրտս լիքը տուն գալիս…»:

Կը հաւատա՛մ, քա՛ղցր Աբովեան. գիտեմ, թէ ինչքան կը մղկտայ սիրտդ, երբ ոգեղէն աչքերդ կը տեսնեն, թէ ինչպէս հայ մարդիկ ֆառաշներու նման վարք ու վարուեցողութիւն կը դրսեւորեն հայ մարդոց հանդէպ… կը դաւադրեն ու կը խաբեն, կը կեղեքեն ու կը ստորացնեն…:

Վերադարձի՛ր, լուսատո՛ւ Աբովեան: Եկո՛ւր ու տե՛ս, դատէ՛ ու դատապարտէ՛. պաշտպանէ՛ լուսաւորութիւնն ու լուսեղէնութիւնը, հալածէ՛ խաւարն ու խաւարամտութիւնը. վերադարձո՛ւր մեզի մեր հաւատքն ու յոյսը մեր ու մեր աշխարհին հանդէպ: Վերադարձի՛ր եւ գլխաւորէ՛ Աղասիներու փոքրաթիւ փաղանգը եւ զայն առաջնորդէ դէպի լոյս, աւելի լոյս…

Դէպի` Ազատ, արդար, մարդկային բարեբեր Հայաստան:

ԽԱԺԱԿ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES