«ՎԱ՜Խ ԱՐԱՄ, ՎԱ՜Խ…»
Եթէ փորձենք հայկական գաղութները շրջիլ եւ հարցնել ոեւէ հայորդիի, թէ ո՞վ է Աթաթուրքը. վստահաբար նուազագոյն տեղեկութիւնն անգամ կարելի է ստանալ: Սակայն, երբ հարց տանք Արամ Մանուկեանի մասին, ի՞նչ պատասխան պիտի ստանանք: Ձեզի կրնամ վստահեցնել, թէ կորսուած ոչխարի պէս աջ ու ձախ պիտի դիտեն կամ կտրուկ կերպով պիտի պատասխանեն.- «Չե՛մ ճանչնար»:
Ողբերգութի՜ւն…
Ո՜ղբ մայիսեան հերոսներուն…
Ո՜ղբ Հայաստանի ու հայութեա՛ն…
Հայոց պատմութեան մէջ անկիւնաքար նկատուող հերոսը ինկած է մոռացութեան զնտանին մէջ: Հայաստանի առաջին անկախութեան հզօր հիմնադիրը կը բացակայի հայու սրտէն: Ինչպէ՞ս կրնայ հայու սիրտը ջերմանալ առանց այդ հերոսին, որ մահուան պատնէշի վրայ կանգնած` Հայաստանը ոտքի հանեց, կենդանացուց եւ վերելքի ուժ տուաւ: 1375-էն ի վեր հայ թագաւորէ զրկուած հայութիւնը Արամ Մանուկեանով կու գար ունենալու իր արդի թագաւորն ու պետութիւնը, բանակը, խօսքը, կամքն ու իշխանութիւնը: Աւելի՛ն, Հայաստանի երկրորդ անկախութեան դուռը բացաւ: Որքան ալ ան կուսակցութեան մը պատկանելիութիւնը ունէր, սակայն ո՛չ իր կուսակցութեան անդամներուն համար պատերազմեցաւ, եւ ո՛չ ալ ուրիշ ազգի մը սիրոյն, այլ` նոյնինքն ի խնդիր Հայաստանի ու հայ ազգի ազատութեան: Ո՞ւր են իր զաւակները: Միթէ ապերախտ է՞ հայութիւնը իր հերոսներուն նկատմամբ: Ո՛չ եւ պէտք չէ ըլլայ:
Ազգային հերոսները իրենց կեանքով ու տիպարով մեր ազգային ջիղին մղիչ արեան ուժն են: Մեր արիւնները անոնց պատգամով կը սնանին: Արամ Մանուկեանը այնպիսի տիպար մըն է, որ իր բերած յաղթանակով բարձրագոյն տիպարներէն դարձաւ մեր կեանքին մէջ: Հայաստանի ու հայութեան յարութեան խորհրդանիշը դարձաւ հայոց պատմութեան մէջ: Հետեւաբար մեր մտապատկերին մէջ, մեր հոգիէն ներս եւ արեան հոսանքին վրայ միշտ առկայ պէտք է ըլլայ մեր դիւցազուն հերոսը` յաղթանակներու արհաւիրքներով:
Հոգեկան փշոտ ցաւ կը զգանք, երբ տեսնենք Հայաստանի մէջ ազգային արժէքները կը գործածուին ի սպաս դրամամոլութեան: Սակայն դրամը կը գործածուի՞ ի սպաս ազգային արժէքներու: Քանի մը տարիներ առաջ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան կառավարութեան շէնքի մէջ ճաշարան մը բացուեցաւ: Ուրիշ տեղ կարելի չէ՞ր գտնել: Իսկ միւս կողմէ, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիրին ու փրկարարին շիրիմը կը գտնուի անյայտ տեղ մը, չունի որեւէ մէկ արձան եւ նոյնիսկ անոր յիշատակը աշնան տերեւի մը պէս ինկած է` հովին առաջնորդութեան: Արամ Մանուկեանի գործին իբրեւ երախտագիտութիւն` արդեօք պարտ չի զգացուի՞ր անոր արձանը կանգնեցնելու Երեւանի մայր հրապարակին վրայ: Ի՞նչն է կամ ո՞վ է պատճառը արգելքին. նիւթականը՞, թէ՞ կը զգուշացուի Թուրքիոյ «նուրբ» զգացումը չվիրաւորել: Կը զգուշացուի Թուրքիոյ սրտնեղութիւն չպատճառել, սակայն կը զգուշացուի՞ սփիւռքահայութեան ցաւ չպատճառել:
«Վա՜խ Արամ, վա՜խ…» թող չլսեն ու չսարսռան ոսկորներդ, ապա թէ ոչ` պիտի գոռաս…
ԱՅՐՈՒՁԻ
Պէյրութ, Լիբանան
28 Մայիս 2011