ԱՐՄԻԿԸ Ո՞ՒՐ Է

Խուռներամ բազմութիւն մը հաւաքուած է նաւահանգիստը:

Աշնանային տակաւ առ տակաւ խտացող սեւ ամպերու հովանիին տակ բաժանումի յուզիչ պատկեր մը ստեղծուած է: Վերջին վայրկեանի ողջագուրումներ,  հրաժեշտի բացագանչութիւններ, լաց ու արտասուք կը խռովեն մեկնողներուն եւ մնացողներուն սրտերը անխտիր:

Ընտանիքի ունեցուածքը` հագուստեղէն, տան առարկաներ, գիրքեր, անձնական իրեր, բոլորն ալ ծրարուած` մեծկակ տախտակէ սնտուկներու մէջ, կը սպասեն կարգով փոխադրուելու նաւ: Փոքրիկներ որպէս պահակ նստած անոնց վրայ` կը դիտեն մերթ իրենց ծնողներն ու հարազատները, մերթ հսկայ նաւը քարափին վրայ` պատրաստ տանելու զիրենք դէպի այլ աշխարհ, դէպի հայրենիք, ուր իրենց կը սպասէ առատութիւն, ճոխութիւն, կոկիկ տուն, ապահովութիւն, կոճակի մը հպումով բացուող սեղան` վրան համադամ ճաշերով եւ պտուղներով ճոխացուած: Այսպէս էր, որ կը խօսէին մեծերը եւ կը համոզէին զիրար: Այս խօսքերու ազդեցութեան տակ է, որ հայրենադարձներ վայրկեան առաջ կ՛ուզէին իրենց անունները արձանագրել ներգաղթի կոմիտէի ցանկերուն վրայ: Աւելի լաւ կեանքի մը հեռանկարը, աստանդական կեանքէ դուրս գալու միտքը, վերջնականապէս հայրենիքին մէջ հաստատուելու որոշումը կը խանդավառէր բոլորը:

Աղջնակ մը, նստած տախտակէ հսկայ սնտուկի մը վրայ, կը դիտէ նաւուն վրայ ծփացող կարմիր դրօշակը: Մուրճ մը ու մանգաղ մը գծագրուած էին անոր մէկ անկիւնը: Ան կը փորձէ հեգել նաւուն անունը, սակայն ի զուր, իր լսած «Փոպետա»ն չի կրնար կարդալ. տառերը լատիներէն են, բայց շատ տարբեր` իր գիտցած «a,b,c»էն: Այդ միջոցին մարդ մը կը մօտենայ եւ շոյելով անոր մազերը` բան մը կը փսփսայ, խոստո՞ւմ մը հաւանաբար պաղպաղակի կամ շաքարի, որմէ տարուած` մարդն ու աղջնակը ձեռք-ձեռքի բռնած` կը հեռանան բազմութենէն:

5 հոկտեմբեր1946-ն է: Դէպի Հայաստան ներգաղթի տարուան վերջին նաւը հաստ սուլոցով մը ազդանշանը կու տայ հայրենադարձներուն` բարձրանալու նաւ:

Խանդավառութիւնը հասած է իր գագաթնակէտին, երբ չորս կողմէ կը լսուի.

– Ա՜յ կարաւան, ջա՜ն կարաւան, քշի՛ր Երեւան:

Մեկնողներէն Պետրոս եւ Գոհար Թեմպելեաններ յանկարծ կը նկատեն, թէ իրենց վեց աղջիկներէն կրտսերագոյնը` Արմիկը չկայ: Կը վազվզեն ասդին-անդին, կը հարցուփորձեն ծանօթ եւ անծանօթ, Արմիկը չկայ ու չկայ:

Խեղճ մայրը խելագարած կ՛աղաղակէ.

– Արմի՜կս, Արմի՜կս…

Ներգաղթի կոմիտէի անդամները կը սրտապնդեն` ըսելով.

– Անհո՛գ եղէք, տիկի՛ն, դէ՛, դուք հիմա գացէք, մենք Արմիկը անպայման կը գտնենք եւ յաջորդ նաւով կը ճամբենք:

Մայրը կ՛ընդդիմանայ, կը հրաժարի մեկնելէ: Բայց շուրջը դիտելով` կը տեսնէ, թէ ամուսինն ու մնացեալ հինգ աղջիկները արդէն սկսած են բարձրանալ նաւ: Ճարահատ եւ կսկծալով` ինք ալ կը հետեւի անոնց այն յոյսով, որ յաջորդ կարաւանով Արմիկը կը միանայ իրենց:

Մինչ «Փոպետա»ին ճամբորդները կամրջակին վրայէն վերջին հրաժեշտի խօսքեր կը փոխանակեն վարը` օդին մէջ թաշկինակ ճօճօղներու խումբին հետ, Թեմպելեանները հետազօտող աչքերով կը փորձեն նշմարել Արմիկը նաւահանգիստի բազմութեան մէջ, սակայն ի զուր…

* * *

Հայրենադարձներու յաջորդաբար ժամանող կարաւաններուն մէջ Արմիկը չկար:

Պետրոս եւ Գոհար Թեմպելեաններուն դիմումները պատասխանտու մարմիններուն` հետապնդելու իրենց զաւկին անյայտացման հարցը, կամ գէթ` արտօնութիւն ստանալու  վերադառնալու Լիբանան, փնտռտուքը իրենք անձնապէս կատարելու, մնացին ապարդիւն:

Անոնք  անքուն գիշերներ անցուցին` անհամբեր սպասելով  նոր լուրի մը: Արտասահմանէն եկող նամակներուն մէջ հատուկտոր տեղեկութիւններ կային, թէ Արմիկը լիբանանցի ընտանիքի մը քովն է, Ալէյ, Պհամտուն, Զահլէ կամ այլ գիւղի մը մէջ: «Իրազեկ»ի մը վկայութեամբ, Արմիկը կը գտնուէր Ժեմիլ Հատտատ Զահլեցի ընտանիքին քով, սակայն ոչ մէկ այլ մանրամասնութիւն` տեղի եւ վայրի մասին:

* * *

Կ՛անցնին 26 երկար տարիներ:

Երկու գերպետութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող  Պաղ պատերազմի մթնոլորտը կը հանդարտի: Խորհրդային քաղաքացիներուն հետզհետէ արտօնութիւն կը տրուի «երկաթէ վարագոյր»-էն դուրս գտնուող երկիրներ ճամբորդել:

Երկար հետապնդումներէ եւ սպասումէ ետք, Գոհար Թեմպելեան, որուն ամուսին Պետրոսը վաղաժամ մահացած էր, կը յաջողի զբօսաշրջութեան վիզա մը ձեռք ձգել եւ գալ Լիբանան:

Տիկին Գոհարին այնպէս կը թուէր, թէ զինք առաջին անգամ դիմաւորողը պիտի ըլլայ իր Արմիկը… Եւ ինչո՞ւ այդպէս չըլլայ, երբ ինք զայն ողջ-առողջ ձգած էր ետին: Ան այլեւս հինգ տարեկան երեխան չէր: Այլ` երեսունը անց, աշխուժ ու կայտառ մանկամարդուհի: Գուցէ` ամուսնացած եւ զաւակներու ալ մայր…

Արմիկին դիմագիծը իր աչքին առաջն է: Երկար տարիները բնաւ չէին աղօտած, մոռցնել տուած անոր պատկերը: Զայն տեսնելուն պէս իսկոյն պիտի ճանչնար անոր սեւ ու բոլորակ աչքերէն, խիտ ու գանգուր մազերէն:

Վստահաբար Արմիկն ալ պիտի յիշէ իր մայրը եւ առաջին րոպէին իսկ պիտի նետուի մօր գիրկը, պիտի փարի անոր պարանոցին եւ մայր ու աղջիկ ուրախութեան արտասուքով, համբոյրներով պիտի զովացնեն իրենց այրած սրտերը…

Այս ակնկալութեամբ եւ երազներով ոգեւորուած` տիկին Գոհար կ՛այցելէ լիբանանեան տարբեր շրջաններ, երբ նուազագոյն տեղեկութիւնը կը ստանայ, թէ իր Արմիկին նմանող երիտասարդուհի մը կ՛ապրի այս կամ այն ընտանիքին քով:

Իրեն արտօնուած կեցութեան 4 ամսուան ժամանակաշրջանը աւարտելու վրայ է եւ տիկին Թեմպելեանը տակաւին չէ գտած հետքը իր զաւկին: Մեկնումի թուականէն քանի մը օր առաջ պէյրութաբնակ տիկին Խէյրալլա կը հաւաստիացնէ , թէ Արմիկը կը գտնուի Զահլէ, ամուսնացած է մեծահարուստ զահլէցիի մը հետ եւ ունի երեք երեխաներ:

Տիկին Գոհարի հրճուանքը չափ ու սահման չունի այլեւս: Կէսօրէ ետք մը, տիկին Խէյրալլայի առաջնորդութեամբ եւ սրտցաւ հարազատներու ընկերակցութեամբ, 10 հոգինոց խումբով մը, երկու ինքնաշարժներով ճամբայ կ՛ելլեն դէպի Զահլէ:

Արեւի վերջին ցոլքերուն հետ «պատուիրակութիւն»ը կը հասնի Զահլէ եւ կանգ կ՛առնէ Տիրամօր արձանին մօտ գտնուող, վարդենիներով շրջապատուած շքեղ տան մը առջեւ: Տասնեակ մը աստիճաններէ վեր, երկրորդ յարկի վրայ, տնեցիները կը դիմաւորեն անկոչ հիւրերը: Տիկին Խէյրալլա արաբերէնով կը բացատրէ այցելութեան նպատակը` իր խօսքին մէջ կրկնելով տնեցիներուն ներողամտութիւնը հայցող արտայայտութիւններ, անոնց հանգիստը խանգարած ըլլալնուն համար:

Յանկարծ հիւրասենեակ կը մտնէ ընտանիքին 30-32 տարեկան հարսը` Սուատ, բարի գալուստ մաղթելու հիւրերուն, իր ամուսնին եւ երեք երեխաներուն ներկայութեան:

Տիկին Գոհար Սուատին կլորակ դէմքէն, բոլորակ աչքերէն, մորթի գոյնէն, քալուածքէն ու շարժուձեւերէն ետք, երբ կը նշմարէ նաեւ վզին ձախ կողմի վրայի սեւ կէտը, կը գունաթափի ու կը մրմնջէ խելայեղօրէն.

– Աստուա՜ծ իմ, Արմիկս է:

Երբ մանկամարդ տիկին Սուատին կը բացատրուի այցելութեան նպատակը, ան ժպտուն դէմքով մը կ՛ըսէ.

– Ատանկ բան չկայ: Ես հայր, մայր, եղբայր ու քոյրեր ունիմ` ու կ՛աւելցնէ` խօսքը տիկին Գոհարին ուղղելով.

– Բայց սեպէ՛, թէ քու աղջիկդ` Արմիկն եմ:

Այցելողները իրենք իրենց հարց կու տան, թէ արդեօք կրնա՞յ ըլլալ, որ չի յիշեր,  կամ կը յիշէ սակայն կը վախնայ արտայայտուելէ, թերեւս կորսնցնէ ամուսնին եւ ընտանեկան պարագաներուն վստահութիւնը:

Տիկին Գոհար, որ տակաւին արաբերէնը չէր մոռցած ու սահուն կերպով կ՛արտայայտուէր, արցունքոտ աչքերով կը նկարագրէ ներգաղթի օրը, նաւահանգիստը, թէ ինչպէս իր աղաչանքին վրայ վերջին անգամ պաղպաղակ առած էր իրեն, թէ` ինչպէս ինք ուրախութենէն կ՛երգէր «Հէյ կարաւան, ջան կարաւան, քշիր Երեւան» երգը: Բայց անօգուտ … Սուատ ամէն ինչ կ՛անգիտանար:

Տիկին Գոհարին ընկերակցողներէն ոմանք կը միջամտեն` ըսելով.

– Տիկին Սուատ, կրնա՞յ ըլլալ, որ այս ըսուածներէն բան մը չէք յիշեր: Այս տիկինը երկար տարիներէ ի վեր իր զաւկին կորստեան համար գիշեր-ցերեկ տառապած մայր մըն է: Հեռաւոր երկրէ մը եկած է ու իր սրտահատորը կը փնտռէ: Երբ գտնէ, անհունօրէն պիտի ուրախանայ, պիտի գրկէ, համբուրէ զայն, կարօտը առնէ, ապա պիտի թողու` երթայ, մտքի այն հանդարտութեամբ, որ աղջիկը ողջ է տակաւին:

– Որեւէ բան չեմ յիշեր, – կը յարէ Սուատ ու կը կրկնէ, – թող այնպէս համարէ, որ իր աղջիկն եմ:

Յետոյ, հիւրասիրութիւն ըրած ժամանակ, երբ տիկին Խէյրալլայի ուսերուն ձգուած նրբահիւս ու գեղեցիկ շալը կը տեսնէ, Սուատ կը հարցնէ.

– Այս ի՞նչ աղուոր շալ է, ո՞վ հիւսած է:

Տիկին Խէյրալլա Գոհարը ցոյց տալով` կը գոչէ.

– Մայրդ հիւսեց:

Սուատ մօտենալով անոր` կ՛ըսէ աղաչական:

– Եա մամա, հատ մըն ալ ինծի չե՞ս հիւսեր:

Ներկաները, այլեւս անհամբեր, կ՛ըսեն Գոհարին:

– Ահա աղջիկդ, Արմիկն է. դէ՛, ել՛, գրկէ՛, համբուրէ՛, կարօ՛տդ առ:

– Ա՜խ, ինչպէս ընեմ ձեր ըսածը, երբ բան մը չի յիշեր ու չ՛ընդունիր …

Այս խօսակցութեան ընթացքին տնեցիները կը ժպտին միայն :

Ժամերը կը սահին ու ոչ մէկ փոփոխութիւն` Սուատին վարմունքին մէջ: Մինչ ներկաները կը յուսային, որ ան յանկարծ փղձկելով փաթթուէր մօրը պարանոցին եւ աղաղակէր.

– Մայր՜իկ, մայր՜իկս, ես քու աղջիկդ եմ, Արմիկը …

Ի վերջոյ ներկաները Սուատին ամուսնին խոնարհ առաջարկ մը կը ներկայացնեն.

– Պարո՛ն Ժորժ, կ՛արտօնէ՞ք, որ ձեր կինը եւ այս խեղճ մայրը հինգ վայրկեան միայն սենեակ մը առանձնանան:

– Սիրով, – կ՛ըսէ ան, եւ Սուատն ու Գոհարը կ՛անցնին սենեակ:

Հինգ վայրկեան անց` դուրս կու գան: Գոհարին աչքերէն արցունք կը հոսէր միայն…

Երբ գիշերուան 12 -ը զարկաւ, հիւրերը ոտքի ելան ու հրաժեշտ տալէ ետք, աստիճաններէն վար իջնելով, յուսաբեկ տեղաւորուեցան ինքնաշարժներուն մէջ: Մութին մէջ մեկնողները կը նշմարեն առանձին Սուատը, որ ծաղկանոցի ցանկապատին բազրիքը բռնած, իջած էր ճամբու դնելու հիւրերը…

Գոհար սրտաբեկ կը վերադառնայ Հայաստան եւ տարի մը անց , 8 յունիս 1973-ին յաւիտեան կը փակէ իր աչքերը` առանց գտնել կարենալու իր Արմիկը:

Իսկ Արմիկը ո՞ւր է արդեօք:

Եթէ կ՛ապրի, ան պէտք է ըլլայ 70-ը անց:

Հայաստան ներգաղթող Թեմպելեանները ապրեցան իրենց կեանքի ոդիսականը, իսկ իրենց զաւակը` Արմիկը, իր ծնողքէն, քոյրերէն հեռու, ապրեցաւ ամբողջութեամբ տարբեր կեանքի փորձառութիւն մը, որուն մասին կրնայ վկայութիւն տալ միայն ինք:

Գ. ԳՐԱՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES