Ա՜Խ ՀԱՅՐԵՆԻՔ. Օ՛Խ ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Այս շաբաթ մեր երկու հայրենիքները` Լիբանանն ու Հայաստանը, ճակատագրական որոշ պահեր ապրեցան. մին` դժբախտ պահեր, որոնք պետութեան գոյութիւնն իսկ խնդրոյ առարկայ դարձուցին, միւսը` Հայաստանը, կորսուած պետականութեան հիմնադրութեան 93¬րդ տարեդարձը կը նշէր: Պետականութիւն, որ, փառք Աստուծոյ, արդէն իսկ վերականգնած է երկու տասնամեակներէ ի վեր:

Մէկուն համար ա՜խ պիտի քաշենք, միւսին համար օ՛խ պիտի ըսենք: Երանի ախ քաշելու պէտք չըլլար, բնա՛ւ:

ԼԻԲԱՆԱՆ

Անյոյս վիճակիդ համար, ա՜խ…

Անարժան մարդոցդ համար, ա՜խ…

Նոր սերունդներուն համար, ա՜խ…

ԶԱստուածփառաբանողներուդ համար, ա՜խ…

Ղեկավարներուդ համար, ա՜խ…

Ժողովուրդիդ համար, ա՜խ ու վա՜խ…

Փլուզման ափին կանգնած պետութեանդ համար, ա՜խ, ա՜խ, ա՜խ…

Ո՞ւր կ՛երթաս, ո՞ւր կը տարուիս, Լիբանա՛ն թանկագին….

Անհատնում եւ անհասանելի գագաթներով անձնասիրութիւններուդ համար, ա՛խ, ա՛խ, ա՛խ…

Լիբանա՛ն, 36 տարուան պատերազմներն ու տագնապները բան չեն սորվեցուցած քեզի: Նաեւ սորվելիք չունի՜ս:

Աշխարհագրութիւնդ չեն հաւնիր. պատմութեանդ շուրջ չեն համաձայնիր…

Խոշոր¬խոշոր կտոր պանիրի պէս, ներքնապէս համաձայնած են յօշոտել քեզ: Աս ինծի՜, ան քեզի՛:

Յետո՞յ….

Մեծն ու փոքրը իրարու անցած են: Պոչն ու գլուխը կարելի չէ զանազանել…

Ո՞վ է պատասխանատու, որո՞ւ եւ ինչպէ՜ս…

Աստուծոյ ուղղուած փառաբանութիւններն ալ վերածուած են զիրար ամբաստանելու ելոյթներու… «Աստուծոյ» տուն ըսուածն ալ վերածուած է քաղաքական յարձակումներու բոյնի…

Նոյն ազգի կամ ժողովուրդի անդամներ, վա՜սն Աստուծոյ եւ արդարութեան, զիրար յօշոտելու չափ յառաջ կ՛երթան…

Աստուած վերածուած է նզովքի եւ մարդորսութեան դիրքի…

Ո՞ւր, ա՜խ, դէպի ո՞ւր կ՛երթանք, Լիբանա՛ն հայրենիք…

Կառավարական տագնապն ու անոր հովանիին տակ աճող անկարգութիւնները եւ այլեւս յուսահատեցնող  կացութիւնը ո՞ւր կը տանին մեզ:

Գագաթնացած նենգութիւնները ո՞ւր պիտի հասցնեն քեզ, Լիբանա՛ն…

Խօսինք կառավարական տագնապին մասին. ստիպուած ենք, որովհետեւ չարիքի մեծագոյն արմատն է անիկա:

Մերթ կ՛ամբաստանուին արտաքին ազդակներ:

Նոյն ամբաստանողները քանի մը ժամ վերջ կ՛ամբաստանեն ներքին տուեալներ: Կէսօրէ առաջ եթէ արտաքին են արգելքները, կէսօր ետք կը դառնան ներքին: Եւ նաեւ ասոր հակառակն է ճիշդ:

Եթէ կէսօրուան ատենները որոշ յառաջդիմութեան քայլի մը մասին կը խօսուի, արեւը մար չմտած՛ տագնապին երկու քայլ ետ սահած ըլլալը ակներեւ կը դառնայ:

Կան շրջանաւարտ նախարարաներ, կան ապագայ նախարարներ: Ի՛նչ է տարբերութիւնը ասոնց միջեւ: Ես չե՛մ գիտեր. մարդ չի՜ գիտեր: Բայց բոլորս կը սպասենք, որ շրջանաւարտները խոնարհին եւ իջնեն բեմէն: Ասոնցմէ ոմանք նորէն վերադառնալու երազ ունին, իսկ եկողները ի՞նչ պիտի բերեն ազգին, հայրենիքին… Բայց բոլորն ալ մեղրի կարասէն լիզելու մէջ չեն թերանար…

Ինշալլահ կու գայ դահլիճը` հակառակ ամէն բանի, եւ քիչ մը շունչ կու տայ ժողովուրդին…Բայց որո՞ւ հոգն է ժողովուրդը…

Ես տասը, ես  քսան, դուն երկու, ան երեք… աղմուկով եւ թուաբանութեամբ լեցուն է մթնոլորտը, բայց չկայ ու չկայ լոյս՛ անհուն փապուղիին ծայրը…

Այս կացութեան մէջ ո՞վ է նախարար, ո՞վ է տնօրէն, ո՞վ է սպայ ու հրամանատար…

Նախարարաը կը հրահանգէ. տնօրէնը ինք ի՛ր կտաւը կը ներկէ: Ո՞վ է հրամայող, ո՞վ է հրամայուող …

Զէնքի ուժով նախարարին կ՛արգիլուի մտնել իր իսկ նախարարութեան կալուածը:

Միակ շէնքի մը «ապահովութիւն»ը կը վստահուի չորս հարիւր հոգինոց պահակագունդի մը: Այդ շէնքին լայնքն ու երկայնքը որքա՞ն են, որ ամբողջ ճակատի մը տիրութիւն ընելու չափ ուժ կը տրամադրուի անոր «պահպանութեան»: Ի՞նչ շռայլութիւն է այս:

Տնօրէն մը կրնայ չենթարկուիլ իր վերին պատասխանատուին: Դեռ կը կարծէ, թէ ինք իրաւունք ունի նախարար էֆենտիները չախելու չափ յառաջ երթալու:

Կրկնեմ, ո՛չ պոչն է յայտնի, ո՛չ իրանը եւ ո՛չ ալ գլուխը: Ասանկ պետութիւն ի՞նչ ընելու համար ոտքի վրայ կը պահէ ինքզինք:

Մէկը կը սպառնայ դատի քաշել անսաստողները, օրէնք եւ սահմանադրութիւն ոտնակոխողները: Դիմացէն ձայն ու աղմուկ կը բարձրացուի` պաշտպանելու միեւնոյն ամբաստանեալները:

Ալա Լուպնան, միջին կամ քա՜ղցր, լուծումի մասին կը խօսուի: Եւ ընթացքը կը շարունակուի…

Հեռատեսիլի պաստառներուն վրայ ետ մղուած են սովորական մեկնաբանները. անոնց տեղը գրաւած են երեսփոխան¬մաալիներ… Իւրաքանչիւրը իր թմբուկը կը չալէ:

Հակառակ ահագնագորգոռ զգուշացումներուն, եւ պետութեան վերջնական փլուզման վտանգին,՛ մարդիկ կու գան ու կ՛երթան, կ՛ելլեն ու կ՛իջնեն, կու լան ու կը խնդան.

Պարահանդէսները, մէկը միւսէն աւելի շքեղ ու բազմամարդ, շնչահեղձ ընելու չափ խճողած են բլուրներու, դաշտերու կամ ձորերու մէջ կառուցուած ճաշարաններն ու սրահները:

Քաղաքական մարդիկ կը սարքեն լսարաններ, մեծ հանրահաւաքներ: Սրբացման աթոռին վրայ բազմած` դիմացինները կ՛ամբաստանեն ամէն տեսակի անկարգութիւններով, նոյնիսկ` դաւաճանութեամբ: Ապա՛ յուշամետալներ, յուշատախտակներ, շքանշաններ… ո՞վ է արժանին. ի՜նչ անհամ հարցում…

Մե՜զ համար օրն ի բուն «տքնող» քաղաքական ղեկավարներ չեն մոռնար ծանրաբեռնուած ճաշասեղաններուն համադամ բեռները թեթեւցնել: Հապա՜… Որքա՜ն կը յոգնին ու կ՛անօթենան այս մարդիկը…Ո՜ւժ կը սպառեն ազգին ու հայրենիքին համար: Սահթէյն

Յետո՞յ:

Ուլու Ալլահ… Աստուած ըսէ՛ք: Ամէն բան լա՜ւ կրնայ ըլլալ, ինշալլա՜հ

Այս բոլորը չբաւէի՜ն: Ահաւասիկ՛ պայթիւնի մը ստեղծած տագնապը: Աղ ու պղպեղ՛ Լիբանանի բաց վէրքին վրայ: Եթէ եւրոպացիք շատ յառաջ երթան, կը ստանան՛ «նամակ»: Ո՞վ է գրողն ու ղրկողը: Լիբանան «նամակատուփ»ին ունեցած հարցերը բաւ չե՞ն:

Բայց, իմ Լիբանան հայրենիք, բաւ է, խնայէ՛ դուն քեզ: Կանգնէ՛  հպարտ ու ճակատաբաց: Թօթափէ շառլադանութիւնները, անտեղի ղեկավարներդ, եւ վե՛ր կանգնէ պատմութեան ու քու վեհ լեռներուն դիմաց:

ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Հիմա անցնինք միւս հայրենիքին: Մեր Հայաստանն ալ կրնայ նիւթ ծառայել անսկիզբ եւ անհատնում «ողբերու»: Բայց այսօր ես ուրի՜շ բան պիտի խօսիմ: Ուրախ բանի մասին պիտի խօսիմ: Մայիս 28¬ն է, մեր բոլորին տօնը շնորհաւո՜ր… Սակայն թոյլ տուէք, որ 50 տարի ետ տանիմ ձեզ…

«Ազդակ»ի խմբագրութիւնը իր 8¬րդ էջին վրայ յիշատակելի գրութիւններ կ՛արտատպէ` յիսուն տարիներու խորքէն հանուած: Ես կը սիրեմ այդ սիւնակը:

Հիմա ինքնահաւանութիւն կամ պարծենկոտութիւն չհամարէք : 50 տարիներ առաջ, երբ դեռ չէր ծնած Ձիւնականը, անոր տէրը կը ստորագրէր Գեւօ ծածկանունով: Շատ երիտասարդ էր տակաւին, հազիւ 20 տարեկան: Այդ երգիծական թոթովանքներէն արտատպում կատարեց «Ազդակ»ի խմբագրութիւնը: Երգիծական տոմսերէն զատ, նաեւ մայիս 28¬ի օրը, ինծի համար յուզումնալից պահ եղաւ, երբ 50 տարի առաջ տպուած իմ յօդուածս վերահրատարակեց խմբագրութիւնը: Քիչ մը երկիւղով կարդացի. ի՞նչ միամիտ բան կրնայի բարբառած ըլլալ արդեօք:  Երիտասարդական յաւակնութիւն չէ՞ր այն օրերուն գրածս:  Յատկապէս հետեւեալ նախադասութիւնը  ուշադրութիւնս գրաւեց.

«Մենք հաւատքն ունինք, թէ համայնավարութիւնը պատմութեան պիտի անցնի»:

Այդ օրերուն, երբ միմիայն 20 տարեկան էի, ի՛նչ յաւակնութիւն էր այդ՛ տակաւին «Մենք կը հաւատանք»… Կարծէք փորձառու եւ հեղինակութեան տէր, գրեթէ ալեհեր մէկն ըլլար այդ յաւակնոտը:

Այդ օրերուն Խորհրդային Միութիւնը հզօր կայսրութիւն էր: Տակաւին, տիեզերագնացութեան մարզին մէջ, իր Լայքա շունով, Կակարինով եւ Վալենթինա աստղանաւորդներով կը պահէր առաջին դիրքը: Օրուան ղեկավար Նիքիթա Խրուչով, տեղի¬անտեղի քաղաքական բարձրագորգոռ յայտարարութիւններով, կը յաւակնէր խորհրդայիններ դարձնել աշխարհի թիւ մէկ ուժը:  Միակտուր հսկայ ապառա՜ժ մըն էր Խորհրդային Միութիւնը: Եւ ինծի պէս ուսանողի մը համար շատ մեծ յանձնապաստանութիւն էր յաւակնիլ, որ փուլ պիտի գար համայնավարութիւնը:

Արտասահմանի մէջ որոշ կոտորակ մըն էր միայն, որ կառչած էր հայ իրական ազգային արժէքներուն: Շատեր «թմբուկի հազար» գոռոցներով կը փառաբանէին Խորհրդային Հայաստանը… Անարգանքի սիւնին կը գամուէին ազգի հարազատ կորիւնները, ֆետայինները եւ ոչ կարմիր ղեկավարներ: Սարդարապատի յուշարձանի կանգնումէն ետքն իսկ կը խօսուէր անորոշ լեզուով: Բուն հերոսներուն արգիլուած էր իրենց զոհաբերութեանց  պտուղը վայելել…

Իսկ այսօ՞ր: Անփորձիս կանխատեսութիւնը արդէն իսկ իրականութիւն դարձած է քսան տարիներէ ի վեր: Եւ ուրի՜շ են այլեւս աշխարհն ու Հայաստանը…

Երկու օրէ ի վեր Հայաստանն ու հայութիւնը տարբեր մթնոլորտի մէջ են: Կարծէք անիրական, բայց եւ այնպէս շատ իրական մթնոլորտ է: Ո՞վ կրնար երեւակայել, որ Երեւանի սրտին` Ազատութեան հրապարակի վրայ ԳՈՀԱՐ-ը ելոյթ պիտի ունենար մայիս 28¬ի առիթով, ի ներկայութեան անկախ երկու հայաստաններու նախագահներուն, Ամենայն հայոց կաթողիկոսին, պետական աւագանիին եւ արուեստագէտներու  եւ ծովածաւալ ժողովուրդին:  Այո՛, հակառակ անձրեւոտ մթնոլորտին: Հայկական հեռատեսլի կայաններ՛ Հ1-ը եւ «Երկիր Մետիա»ն, շնչահեղձ ընելու աստիճան մեր կուրծքերը կ՛ուռեցնեն: «Նացիոնալիստական» երգեր, ազգային ու յեղափոխական, մէն մի հայու տան մէջ են այս օրերուն: Հին ֆետայիններու փառաբանանքը, Արամ Մանուկեան, Սիլիկեան, Դրօ, Փիրումեան, մինչեւ Արցախի դեռ թարմ ֆետայիներու եւ ազգային անկրկնելի դէմքերու գովքը կը հիւսուի: Ա՛յս է ճշմարիտը, իրականը…

Չեմ կրնար չարձանագրել. եթէ անդենականէն այս բոլորը կը դիտէին նաեւ լենիներ եւ ստալիններ, բերիաներ եւ մուղսիներ, ազնիւ ու իրական հայորդիներ դաւաճանութեան պատին գամած տխրահռչակ մեծ թէ փոքր դէմքեր, խորհրդային յաւերժութեան հաւատացող ու զայն փառաբանողներու բանակներ, «նացիոնալիստ» մեղքով անբասիր մարդիկը զրպարտողներ, ի՞նչ կը զգան արդեօք, երբ անկախ Հայաստանի գովերգութիւնը կը հիւսուի այսօր…

Հայաստան հայրենիք, այս ոգիով, առողջ ու անսակարկ հայրենասիրութեան ոգիով, թող որ առաջնորդուի հայ ժողովուրդը, մանաւանդ` անոր պետական այրերը: Մի՛շտ յառաջ, առանց ընկրկելու եւ ճակատաբաց ընթացիր, ի՛մ հայրենիք Հայաստան…

ՁԻՒՆԱԿԱՆ

29 մայիս 2011

Share this Article
CATEGORIES