50 Տարի Առաջ

Հայ Կեանք

Գեղամ Խանամիրեանին Յուղարկաւորութիւնն
Ու Թաղումը

Հինգշաբթի, 11 յուլիս 1963, կ. ետք ժամը 4-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յուղարկաւորութեան տխուր արարողութիւնը` հանգուցեալ Գեղամ Խանամիրեանի:

Ստուար թիւով սգաւորներ, ազգականներ, բարեկամներ, ազգային դէմքեր ու առեւտրականներ ներկայ եղան արարողութեանց:

Նախագահեց լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան` շրջապատուած քահանայ հայրերով:

Արարողութիւններէն ետք յուզիչ դամբանական մը խօսեցաւ սրբազան հայրը` վեր առնելով հանգուցեալին արժանիքները, իբրեւ տիպար արժանիքները, իբրեւ տիպար ու պարտաճանաչ հօր, ազգանուէր հայու եւ կարող առեւտրականի:

Ապա կարդաց Խորէն Ա. կաթողիկոսին ուղարկած ցաւակցական գրութիւնը:

Այնուհետեւ թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Ֆըրն Էլ Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը, ուր պատշաճ արարողութիւններէ ետք տեղի ունեցաւ թաղումը ընտանեկան դամբարանին մէջ:

 

Գառնիկ Մալիքեան
ՓոխՆախագահ Լիբանեւամերիկեան
Առետ. Գրասենեակին

Իրենց նախագահին Լոնտոնի «Պենք օֆ Ամերիքա»ի նախագահ ընտրուելուն առիթով, Լիբանան-ամերիկեան առեւտրական սենեակի անդամները ընդհանուր ժողով գումարելով Նիւ Եորքի մէջ, նոր վարչութիւն ընտրեցին հետեւեալ կազմով.-

Նախագահ` ծովակալ Ճոն Ուէլ, նախագահ` ամերիկեան «Էքսփորթ լայնզ»-ի, Ա. փոխնախագահ` Գառնիկ Մալիքեան` նախագահ «Մալիֆեր քորփերէյշըն»-ի Բ. փոխնախագահ «ՉԷյզ Մանհաթըն» դրամատան, գործադիր տնօրէն Փոլ Կոլտշմիթ, գանձապահ է . Ֆ. Եուկճոկան Իպրահիմ Ահտապ` Միացեալ Նահանգներու լիբանանեան դեսպանը մասնաւորաբար Ուաշինկթընէն եկած է` ներկայ ըլլալու համար այս ընդհանուր ժողովին:

 

Հ.Յ.Դ. Ամերիկայի Պատգ. Ժողովի
Փակման Փառաւոր Դաշտահանդէսը

«Հայրենիք»ի մէջ (9 յուլիս) կը կարդանք.-

Կիրակի, 7 յուլիսի 1963, ընկերներու եւ համակիրներու հոծ բազմութիւն մը խուժած էր «Հայաստան քեմփ»-ի ծառախիտ եւ ընդարձակ պարտէզը, ուր տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ Հիւսիսային Ամերիկայի շրջանի 70-երորդ Պատգ. ժողովի փակման դաշտահանդէսը` ընդհանուր խանդավառութեան մէջ:

Ժամը 4-ին քեմփի հանդիպակաց բացատներն ու ինքնաշարժներու յատուկ կառատուները խճողուած էին արդէն եւ հետզհետէ հասնող հանդիսականներ դժուարութեան կը բախէին` տեղ գտնելու համար իրենց ինքնաշարժներուն:

Եօթնէն մինչեւ եօթանասուն, երէց թէ կրտսեր սերունդներէ հազարաւոր ներկայացուցիչներ տեղ գրաւած էին բարձրադիր բեմին շուրջ, մինչեւ ընդարձակ պարտէզի հեռաւոր անկիւնները:

Խանդավառ ու ոգեւոր այս մթնոլորտին մէջ, ժամը 3.30ին, ատենապետ Յովհ. Տէր Յովհաննէսեան բացուած յայտարարեց հանդէսին պաշտօնական մասը եւ անփոփ կերպով պարզեց ՀՅԴ Հիւսիսային Ամերիկայի շրջանի 70-երորդ Պատգ. ժողովի վեցօրեայ աշխատանքները եւ ընդգծեց.

«Բացառապէս խանդավառ եւ արթուն մթնոլորտի մէջ, ութսունի մօտ ընկերներու մասնակցութեամբ, 70-երորդ Պատգ. ժողովը ծառայութեան իր նոր ուխտը մշակեց:

«Ժողովը իր օրակարգի հարցերը քննեց հաւաքական մտածողութեամբ, անհատական տեսակէտներու հանդէպ յարգանք ցոյց տալով միշտ, սակայն իր եզրակացութիւններուն մէջ ներդաշնակուելով: Տարակարծութիւններ եւ վիճաբանութիւններ անխուսափելի են յաճախ մեր ժողովներուն մէջ, սակայն հիմնականը ա՛յն է, որ կարծիքներու բախումէն ծնի հասարակաց եւ ընդհանուր եզրակացութիւնը:

«Այդպէս եղաւ 70-երորդ Պատգ. ժողովը, որուն անունով կ՛ողջունեմ այսօր ձեզ եւ բացուած կը յայտարարեմ այս հանդէսը»:

 

Զմմառի Նորաշէն
Ընծայարանին Բացումը

Կիրակի, 7 յուլիս 1963-ին կատարուեցաւ բացումը Զմմառի Տիրամօր փոխման վանքի Նորաշէն գեղակերտ ընծայարանին:

Կէսօրէ առաջ տեղի ունեցաւ ընծայարանի Ս. Յովսէփի անուան նուիրուած մատրան օծումը` ձեռամբ պատրիարք կաթողիկոս Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Պաթանեանի:

Երեկոյեան ժամը 5-ին տեղի ունեցաւ ընծայարանի բացման արարողութիւնը: Պատրիարք-կաթողիկոս իր հայրապետական հանդերձանքին մէջ յառաջացաւ դէպի ընծայարանի մուտքի դուռը, որովհետեւ գրաբար արձանագրութեամբ քանդակուած էր, թէ դպրատունը կառուցուած է կարտինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանի, հաւատոյ Տարածման Ս. Ժողովի նախագահին կողմէ, ի յիշատակ իր բարեպաշտ մօր` ողբ. Իսկուհի Աղաճանեանի:

Վանքին մեծաւորը, Մեսրոպ ծ. վրդ. Թերզեան կարդաց կուռ գրութիւն մը: Բացումը կատարեց ծիրանաւոր հայրապետին քոյրը` Եղիսաբէթ, որ յատկապէս եկած էր Հռոմէն: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ մատուռին մէջ: Ս. Աւետարանի ընթերցումէն ետք հոգեւոր տէրը արտասանեց հոյակապ քարոզ մը: Ս. Պատարագէն ետք ընդունելութեան սրահին մէջ հոգեւոր Տէրը կարդաց սրբազան քահանայապետին օրհնութեան գիրը եւ կարտինալ Աղաճանեանին մաղթանքը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )