Օր Մը Անցընենք Թայլանտի Մէջ, կրեայի Կղզիին Վրայ
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
– Քայ-մուք 10 տարեկան աղջնակ մըն է, որ կ՛ապրի Թայլանտի Քոհ Թաօ` Կրեայի կղզիին վրայ: Այդ փոքր կղզիին վրայ կ՛ապրի միայն 400 մարդ:
– Քայ-մուք կ՛ապրի ծովափին մօտ գտնուող տան մը մէջ: Սակայն ասիկա չի նշանակեր, թէ անոր կեանքը միայն արձակուրդ է: Ան իր տարազը հագած` դպրոց կ՛երթայ երկուշաբթիէն մինչեւ ուրբաթ:
– Դպրոցի ճամբուն վրայ ան կը կենայ Պուտտային նուիրուած պզտիկ տաճարի մը առջեւ` աղօթելու: Թայլանտցիներուն մեծամասնութեան նման` Քայմուք պուտտայական է:
– Երբ ան դպրոց կը հասնի, դասարանին բոլոր պատուհանները արդէն բաց են: Հոն ամբողջ տարին արեւոտ է, բացի երբ անձրեւներու շրջանն է եւ անդադար կ՛անձրեւէ:
– Դպրոցէն ետք Քայ-Մուք կ՛երթայ դասերը սորվելու զբօսաշրջութեան գրասենեակը, ուր իր մայրը կ՛աշխատի: Քոհ Թաոյի մէջ շատ զբօսաշրջիկներ կան:
– Իրիկունը Քայ-Մուք կ՛երթայ ծովափ` խաղալու իր ընկերուհիին` Կիպի հետ:
* * *
Թայլանտ
Թայլանտ Ասիոյ մէջ երկիր մըն է: Անիկա ունի 514000 քառ. քմ տարածութիւն եւ 65 միլիոն բնակիչ: Ան իր անունը փոխած է 1939 թուականին. սկիզբը ան կը կոչուէր Սիամ: Անոր դրացի երկիրներն են` Միանմար, Մալեզիա, Քամպոտիա եւ Լաոս:
– Մայրաքաղաք` Պանքոք (հրեշտակներու քաղաքը)
– Պաշտօնական լեզու` թայ
– Դրամ` պաթ
– Վարչաձեւ` Ռամա 9-րդ թագաւորը երկրին գլխուն կը գտնուի 1946 թուականէն ի վեր: Ժողովուրդը զայն շատ կը սիրէ:
– Ի՞նչ կարելի է գտնել հոն, սքանչելի տաճարներ, թայ նուրբ կերակուրներ` պատրաստուած հաւով, ձուկով եւ հնդկընկոյզի հիւթով, եւ` «թուք-թուք»ները, որոնք իբրեւ թաքսի ծառայող պզտիկ շարժանիւներ են:
– «Բարեւ»` սաուաթ՛տու խաա:
Խոհագիր
Բրինձէ Պարտէզ
Այս գունաւոր աղցանը շատ յարմար ուտելիք մըն է ամառնային այս տաք օրերուն:
Պէտք ունիս
200 կրամ բրինձի, 100 կրամ ոլոռնի, 100 կրամ եգիպտացորենի, 100 կրամ ստեպղինի, 100 կրամ խոզապուխտի, հաւու միսի ջուրի մէկ կտորի, կէս կիտրոնի հիւթի, քիչ մը աղի եւ մայոնէզի:
Պատրաստութիւն
1.- Կաթսայի մը մէջ մեծ քանակով ջուր դիր, աւելցուր հաւու միսի ջուրի խորանարդը եւ քիչ մը աղ, ձգէ, որ տաքնայ:
2.- Երբ ջուրը սկսի եռալ, աւելցուր բրինձը եւ մեծ դգալով մը խառնէ:
Ձգէ, որ եփի 15 վայրկեան ապա բրինձը մաղէ մը անցուր, աւելորդ ջուրը հանելու համար եւ զայն պաղ ջուրի տակէն անցուր:
3.- Ստեպղինները լուա՛յ եւ կեղուէ՛: Պզտիկ խորանարդներու վերածէ: Ստեպղինը եւ ոլոռնը իրարմէ անջատ 5 վայրկեան եռացուր:
4.- Երկու ապուրի դգալ մայոնէզը կիտրոնի հիւթով խառնէ:
5.- Խոզապուխտը պզտիկ կտորներու վերածէ: Խորունկ ամանի մը մէջ խառնէ, բրինձը, ստեպղինը, խոզապուխտը, եգիպտացորենը եւ ոլոռնը:
6.- Կարկանդակի կաղապարի մը մէջ կրնաս քիչ մը ձէթ քսել եւ բրինձէ աղցանը մէջը պարպել: Ապա կաղապարը դարձուր պնակի մը մէջ եւ թեթեւօրէն զարկ վրան` բրինձը պնակին մէջ իջեցնելու համար: Աղցանը պարտաստ է: Կրնաս վրան նաեւ քիչ մը մայոնէզ դնել եւ խառնել ճաշակելէ առաջ:
Լորձունքը
Մեր բերանին մէջ ամէն ինչ թաց է: Այս տարօրինակ հեղուկը լորձունքն է:
- Մաքուր բերան մը
Լորձունքը կը շինուի պզտիկ տոպրակներու մէջ` լորձունքի գեղձերը: Անոնք պահուըտած են բերանին խորերը, ականջներուն եւ լեզուին տակ: Լորձունքը քիչ մը կպչուն է. անիկա որոշ յատկութիւններ ունեցող հեղուկ մըն է: Կը փճացնէ ուտելիքի մնացորդները եւ մանր կենդանի մանրէները, որոնք բերնին մէջ կը մտնեն: Անիկա նաեւ ակռաները աւելի զօրաւոր կը դարձնէ:
- Լաւ կերակուրներ
Լորձունքը մեզի յատկապէս կ՛օգնէ ուտելու: Անոր շնորհիւ է, որ մեր լեզուն կը զգայ, որ ուտելիք մը աղի՞ է, թէ՞ շաքարոտ: Լորձունքը կը խառնուի ուտելիքին հետ եւ կը կազմէ պզտիկ խոնաւ գունդ մը, որ դիւրին կը կլլուի: Բերանին մէջ լորձունքը ուտելիքը պզտիկ կտորներու կը կտրտէ. այս ձեւով անոնք աւելի արագ պիտի անցնին մարմնին մէջէն` անոր սնունդ հայթայթելու համար:
Գիտէի՞ր, թէ…
Մեր բերանը աւելի լորձունք կ՛արտադրէ, երբ մենք կ՛ուտենք կամ կ՛աճապարենք ուտելու:
Մենք օրական մօտաւորապէս մէկ լիթր լորձունք կ՛արտադրենք, գրեթէ մէկ շիշ:
Մենք աւելի լորձունք կ՛արտադրենք, երբ ոտքի ըլլանք, քան` նստած:
Գիշերը մենք քիչ լորձունք կ՛արտադրենք:
Զովանանք
Ամրան տաք օդին զովանալու միջոցներէն մէկը պաղպաղակն է: Ելակ, կիտրոն, տուրմ, վանիլա, տարբեր ճաշակներու համեր, որոնք մեր բերանին մէջ կը ձգեն անուշ հետք մը:
Սակայն եթէ կը սիրես նոր բաներ փորձել, հետեւաբար պէտք է ուղղուիս դէպի Միացեալ Նահանգներ, ուր ամերիկացի ճանչցուած շեֆ եւ խոհարար Տէյվիտ Լեպոուից ստեղծած է պաղպաղակի նոր տեսակ մը` իրարու խառնելով քաղցրը եւ աղին: Անոր ճաշարանին մէջ կարելի է համտեսել շաքարով եւ կասիայով պատուած «պէյքըն» միսի պաղպաղակ:
Մինչ Ճափոնի մէջ, ուր մարդիկ շատ կը սիրեն ձուկ ուտել, մենք կրնանք համտեսել ընգղայի պաղպաղակ:
Ինչո՞ւ Ուտելիքը Երբեմն Գէշ Համ Կ՛ունենայ
Անձի Մը Համար, Որուն Քիթը Գոց Է
Հոտառութեան զգայարանը (քիթ) եւ համի զգայարանը միասին կ՛աշխատին, երբ մարդիկ կ՛ուտեն: Համի բջիջները կը զգան ուտելիքին համը (աղի, լեղի, թթու, քաղցր): Քիթը կը զանազանէ յատուկ հոտերը:
Երբ մէկը ուտելիքը կը ծամէ, այդ անձը «կը զգայ» ուտելիքին հոտը` հոտառութեան յատուկ բջիջներուն կողմէ. այդ բջիջները կը գտնուին քիթին կամուրջին ետեւը: Եթէ քիթը գոց է, այդ յատուկ բջիջները պիտի չկարենան պէտք եղածին պէս բանիլ, եւ ճաշը համով պիտի չթուի:
Ինչո՞ւ Մեր Ստամոքսը Ձայներ
Կը Հանէ Ուտելէ Ետք
Ամէն ինչ լուռ է, երբ յանկարծ… կրրր… մէկու մը ստամոքսը տարօրինակ ձայներ կը հանէ:
Ասիկա կը նշանակէ, թէ մարսողական դրութեան մէջի մկանները կը շարժին եւ կը հրեն ջուրի եւ ուտելիքի կպչուն խառնուրդը մարսողութեան խողովակին ընդմէջէն: Այս խառնուրդին հետ կը շարժին նաեւ օդը եւ կազեր, որոնք կը յառաջացնեն մեր լսած ձայները:
Ժամանց

Կրնա՞ս օգնել մեր բարեկամներուն` հաշուելու բնութեան մէջ գոյութիւն ունեցող խխունջները:
կերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող եօթը տարբերութիւնները:












