ՈՒԿԱՆՏԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՈՐՈՇԱԾ Է ՈՒՏԵԼ ԻՐ ԸՆԴԴԻՄԱԽՕՍԸ
Դարձեալ Ուկանտայի նախագահ վերընտրուած Իովերի Քակութա Մուսնենի որոշած է ուտել իր գլխաւոր քաղաքական ընդդիմախօս Քիզզա Պեսիճէն:
Մեկնաբանելով նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներուն վերաբերող Պեսիճէի քննադատութիւնը` Մուսնենի յայտարարած է. «Մենք զինք պիտի բռնենք եւ կարկանդակի տեղ պիտի ուտենք»:
Ուկանտայի նախագահական ընտրութիւններուն պաշտօնական արդիւնքները հրապարակուեցան 20 փետրուարին: Մուսնենի ստացած է քուէներուն 68 առ հարիւրը, իսկ Պեսիճէ` 26 առ հարիւրը:
Մուսնենի Ուկանտան կը ղեկավարէ 25 տարիէ ի վեր: Նշենք, որ 1971-1979-ին Ուկանտայի նախագահ Իտի Ամին Տատա իր ընդդիմախօսները ուտելու սովորութիւնն ունէր:
CATEGORIES Միջազգային