ԷՊԱՏԱՀԱԿԱ՞Ն, ԹԷ՞ ԴԻՏՈՒՄՆԱՒՈՐ ՔԱՅԼ
«Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ 27 յունուարէն 6 փետրուար Թուրքիոյ Էրզրում քաղաքին մէջ տեղի ունեցած են Համաշխարհային ուսանողական 25-րդ ձմեռնային խաղերը, որոնց բացման եւ փակման արարողութիւններուն ընթացքին, ըստ թրքական Ազգայնական շարժում կուսակցութեան Էրզրումի նահանգային գրասենեակի նախագահ Պասքանի Քայայի, ներկայացուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու Երեւանի յուշակոթողը յիշեցնող յօրինուածք մը:
Վրդոված թուրք ազգայնականը տեղի ունեցածին համար բացատրութիւն կը պահանջէ կազմակերպիչներէն` միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ ատիկա պատահականութիւն էր եւ ատոր մէջ հայերու մատը չկար:
CATEGORIES Միջազգային
