ԹՈՒՐՔԻԱ, ԻՐԱՆ, ՍՈՒՐԻԱ ԵՒ ԻՐԱՔ ՄԻԱՑԵԱԼ ԱՆՑԱԳԻՐ Կ՛ՈՐԴԵԳՐԵՆ

Իրանեան ԻՍՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա, Իրան, Սուրիա եւ Իրաք համաձայնեցան չորս երկիրներու համար ի զօրու եղող անցագիր որդեգրելով զբօսաշրջութիւնը դիւրացնել: Իրանի փոխնախագահ Ալի Աղամոհամատի յայտնած է, որ Թուրքիա, Իրան, Սուրիա եւ Իրաք համաձայնած են միացեալ անցագիր մը որդեգրել:

«Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ներկայացուցած առաջարկին հիմամբ զբօսաշրջիկները կրնան միացեալ անցագիրով չորս երկիրները այցելել», ըսած է Աղամոհամատի: Էրտողան առաջարկած էր անցագիրը «Շամկեն» կոչել:

Իրանի փոխնախագահը նաեւ նշած է, որ չորս երկիրները համաձայնած են ազատ առեւտուրը խթանելու նպատակով ազատ առեւտուրի մեծ գօտի մը ստեղծել: Իրանի եւ Սուրիոյ միջեւ այդպիսի գօտի մը ստեղծելու նախնական քայլերը հասած են իրենց վերջին հանգրուանին եւ երկու երկիրները առաջարկած են վերջնական համաձայնութիւնը ներկայացնել իրենց խորհրդարաններուն` առ ի վաւերացում:

Share this Article
CATEGORIES
TAGS