Թուրքիոյ Ասորիները Մայրենի Լեզուով Կրթութիւն Կը Պահանջեն

«Արմենփրես»` յղում կատարելով թրքական «այքիրիտօղրուլար» կայքէջին, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Մարտին շրջանին մէջ բնակող շուրջ երեք հազար ասորիներ նախակրթարանին մէջ մայրենի լեզուի դասընթացքներ կը պահանջեն:

Երկու տարի առաջ մարտինցի ասորիները այս հարցով դիմած էին Թուրքիոյ ազգային կրթութեան նախարարութեան, որ սակայն մերժած էր անոնց պահանջը:

Մարտինի ասորական վանքի եւ եկեղեցական հիմնադրամի ղեկավար խորհուրդի անդամ եւ փոխնախագահ Եըլմազ Հիչպեզմեզ խօսելով այս նիւթին մասին նշած է, որ հակառակ պատկառելի տարիքին, մայրենի լեզուով գրել-կարդալ չի գիտեր:

«Կը կարծեմ, որ մեր երեխաները ասորերէն սորվելու, գրելու եւ կարդալու իրաւունքը ունին: Կ՛ուզենք, որ Մարտինի որեւէ դպրոցի մէջ բացուին ասորերէնի դասընթացքներ, մեր երեխաները եւ թոռները ասորերէն սորվին», յայտնած է ան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )