Վրաստանը Եւ Աբխազիոյ Անկախութիւնը Ճանչցած Վանուաթուն Դիւանագիտական Յարաբերութիւններ Հաստատեցին
«Lenta.ru» վկայակոչելով Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, կը հաղորդէ, որ Վանուաթուի Հանրապետութիւնը եւ Վրաստանի Հանրապետութիւնը դիւանագիտական եւ հիւպատոսական յարաբերութիւններ հաստատած են:
Համապատասխան համաձայնագիրը ստորագրուած է Նիւ Եորքի մէջ` ՄԱԿ-ի մէջ երկու երկիրներու ներկայացուցիչներուն կողմէ:
Համաձայնագիրին մէջ կողմերը «ճանչցած են իրարու տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը, համաձայնած են յարաբերութիւններ հաստատել բարեկամութեան եւ իրաւահաւասարութեան հիման վրայ»:
Ինչպէս վստահեցուցած է փաստաթուղթը ստորագրած Վանուաթուի ներկայացուցիչ Տոնալտ Քալփոքաս, «բոլոր անջատողական շրջաններուն հետ կապուած թիւրիմացութիւնները անցեալին մէջ մնացած են»:
Նշենք, որ Վանուաթուն ճանչցած էր Ախբազիոյ անկախութիւնը:
Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մայա Փանճիքածէ յայտնած է, որ Վանուաթու Վրաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու ցանկութիւն յայտնած է մարտի վերջաւորութեան: Բանակցութիւնները բարեյաջող կերպով աւարտած են 12 յուլիսին: «Ասիկա միջազգային սկզբունքներու վերականգնում է: Ատիկա լաւ օրինակ է, եւ յոյս ունիմ, որ Ովկիանիոյ այլ պետութիւններ եւս հետեւին անոր», ընդգծած է ան:
«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Աբխազիոյ արտաքին գործոց նախարար Վիաչեսլաւ Չիրիպքա` մեկնաբանելով Վանուաթուի եւ Վրաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութեանց հաստատման լուրը, յայտնած է, որ Խաղաղական ովկիանոսի մէջ գտնուող Վանուաթու պետութիւնը պաշտօնապէս չէ ջնջած Աբխազիոյ անկախութիւնը ճանչնալու մասին իր որոշումը:
Վանուաթու մէկն է այն վեց երկիրներէն, որոնք ճանչցած են Աբխազիոյ անկախութիւնը:
Աբխազիոյ անկախութիւնը ճանչցած են նաեւ Ռուսիան, Վենեզուելան, Նիքարակուան, Նաուրուն եւ Թուվալուն:

