Ըստ «Մաարիւ»-ի. Իրանի Հիւլէական Կեդրոններուն Դէմ Յարձակում Գործելը Այլեւս Սեղանի Վրայ Չէ
Իսրայէլեան քաղաքական պաշտօնատար մը «Մաարիւ» օրաթերթին յայտնած է, որ Իրանի դէմ զինուորական ընտրանքը եւ իրանեան հիւլէական կեդրոններուն դէմ իսրայէլեան յարձակում մը այլեւս սեղանի վրայ չէ, հակառակ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի այդ ուղղութեամբ յայտարարութիւններ կատարել շարունակելուն:
Ան նշած է, որ Իսրայէլի զինուորական եւ քաղաքական ղեկավարութիւնը Իրանի դէմ յարձակում գործելու նման յանդուգն քայլ մը առնելու բաւարար վճռակամութիւնը չունի, իսկ իսրայէլեան բանակը չէ ներկայացուցած ծրագիր մը, որ կրնայ իրանեան հիւլէական ծրագիրը անգործութեան մատնել:
Մեկնաբանելով Իրանի հիւլէական կեդրոնները հարուածելու մասին Նեթանիահուի կատարած յայտարարութիւնները` իսրայէլացի պաշտօնատարը մէջբերելով ամերիկեան հռչակաւոր «Բարին, չարն ու տգեղը» շարժանկարին մէջ օգտագործուած տող մը ըսած է. «Եթէ կ՛ուզես կրակ բանալ, բաց. մի՛ խօսիր»:

