Նեկեւի Մէջ Արաբ Ցուցարարներու Եւ Իսրայէլեան Ոստիկանութեան Միջեւ Բախումներ
Պիր Սապահի մէջ Պեն Կորիոն համալսարանին մօտ բախումներ տեղի ունեցան իսրայէլեան ոստիկանութեան եւ քոչուոր արաբներու միջեւ, որոնք բողոքի ցոյց մը կը կատարէին ընդդէմ իրենց պատկանող հողատարածքներու բռնագրաւման եւ շուրջ 40 հազար արաբներու իրենց գիւղերէն հեռացման:
Իսրայէլեան ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ բախումներուն ընթացքին շարք մը ցուցարարներ վիրաւորուած են, 14 ուրիշներ ձերբակալուած: Ոստիկան մը թեթեւ վէրքեր ստացած է:
Ըստ իսրայէլեան ոստիկանութեան, հակառակ անոր որ ցոյցը արտօնագիր ստանալէ ետք տեղի ունեցած է, ցուցարարները գլխաւոր փողոցը շուրջ մէկ ժամ փակելով հաւաքի պայմանները խախտած են:
Նշեալ ցոյցը երէկ 1948-ի շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած շարք մը բողոքի ցոյցերէն մէկն էր: Նշեալ շրջաններուն մէջ նաեւ ընդհանուր գործադուլ տեղի ունեցաւ:
Իսրայէլի մէջ արաբներու հարցերու հետապնդման գերագոյն յանձնախումբը հրաւէր ուղղած էր ընդհանուր գործադուլ եւ բողոքի ցոյցեր կատարելու ընդդէմ իսրայէլեան կառավարութեան որդեգրած եւ Քնեսեթին կողմէ առաջին ընթերցումով վաւերացուած «Փրաուըր ծրագիր»-ին, որուն համաձայն, Նեկեւի արաբ քոչուորներէն 800 հազար հեկտարի տարածք մը կը բռնագրաւուի, 40 հազար արաբ քոչուորներ իրենց գիւղերէն կը վտարուին եւ Իսրայէլի կողմէ չարձանագրուած 36 գիւղեր կը քանդուին:


