Պըրնզ Հանդիպում Ունեցաւ Եգիպտոսի Նոր Ղեկավարութեան Հետ

Պըրնզ – Ապտելֆաթթահ Սիսի

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ուիլիըմ Պըրնզ երէկ Գահիրէի մէջ հանդիպում ունեցաւ Եգիպտոսի ժամանակաւոր վարչապետ Հազեմ Պեպլաուիի հետ եւ անոր հետ քննարկեց ներքին ու արտաքին հարցեր: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Եգիպտոսի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ան Փիթըրսըն: Պըրնզ ապա հանդիպում ունեցաւ Եգիպտոսի պաշտպանութեան նախարար Ապտելֆաթթահ Սիսիի հետ:

Աւելի ուշ ամերիկացի պատուիրակը հանդիպում ունեցաւ Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահ Ատլի Մանսուրի հետ:

Սալաֆական Նուր կուսակցութիւնը մերժեց Պըրնզի հետ հանդիպում ունենալու հրաւէրը: Կուսակցութենէն աղբիւր մը «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնեց, որ կուսակցութիւնը հրաւէրը մերժած է «Եգիպտոսի ներքին հարցերուն ամերիկեան միջամտութեան» պատճառով` նշելով, որ ներկայ հանգրուանին ամերիկեան դերակատարութիւնը «թերեւս եգիպտական իրավիճակը շփոթի կը մատնէ»:

Նշենք, որ Պըրնզ Մոհամետ Մուրսիի պաշտօնազրկումէն ետք Եգիպտոս այցելող ամերիկացի առաջին պաշտօնատարն է:

Նախքան անոր այցելութիւնը Ուաշինկթըն յայտարարեց, որ Պըրնզ իր հանդիպումներուն ընթացքին կոչ պիտի ուղղէ «բոլոր տեսակի բռնարարքներուն վերջ տալու եւ (որդեգրելու) փոխանցման հոլովոյթ մը, որ համապարփակ եւ ժողովրդավարական կերպով ընտրուած քաղաքացիական կառավարութեան կ՛առաջնորդէ»:

Նշենք, որ Ուաշինկթըն եգիպտական բանակին կողմէ Մուրսիի տապալման քայլը կ՛ուսումնասիրէ եւ եթէ եզրակացնէ, թէ տեղի ունեցածը յեղաշրջում էր, ապա, ըստ օրէնքի, Եգիպտոսի յատկացուած տարեկան 1.3 միլիառ տոլար արժողութեամբ զինուորական օժանդակութիւնը պիտի սառեցուի:

Պըրնզ յայտարարեց, որ «չեմ կարծեր, որ սուրիական ողբերգութիւնը Եգիպտոսի մէջ պիտի կրկնուի»` աւելցնելով, որ «Եգիպտոսի մէջ առաջնահերթութիւնը բռնարարքներուն վերջ տալն է, իսկ Ուաշինկթըն եգիպտական բանակին կոչ ուղղեց քաղաքական ձերբակալութիւններէն զգուշանալու»:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ երէկ Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահ Մանսուրէն Անգարայի մէջ Եգիպտոսի դեսպանին ճամբով ստացաւ բերանացի պատգամ մը, որուն մէջ ան ներկայացուց Եգիպտոսի մէջ փոխանցման հանգրուանի ճամբու քարտէսի ընդհանուր գիծերը:

Մանսուր յայտնեց, որ Եգիպտոս նախանձախնդիր է երկու երկիրներուն միջեւ բոլոր մարզերուն մէջ սերտ ու ռազմավարական յարաբերութիւնները խորացնելու:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու երէկ յայտարարեց, որ «Թուրքիա Մոհամետ Մուրսին տակաւին Եգիպտոսի նախագահ կը ճանչնայ»:

Ան նշեց, որ «Եգիպտոսի մէջ յեղաշրջումէն ետք քաղաքական կողմերու մեկուսացման պարագային բռնարարքները Միջին Արեւելքի մէջ կրնան տարածուիլ»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )