Իսրայէլ Սուրիոյ Դէմ Յարձակումը Թուրքիայէ՞ն Շղթայազերծած Է

Ռաշա Թուտէյ»` վկայակոչելով անձնական իր աղբիւրը, հաղորդեց, որ վերջերս Լաթաքիոյ մէջ հրթիռներու պահեստանոցներու դէմ իսրայէլեան յարձակումը գործադրուած է թրքական ռազմակայանի մը ճամբով:

Աղբիւրը նշած է, որ իսրայէլեան պատերազմական օդանաւերը 5 յուլիսին Լաթաքիոյ մօտ գտնուող պահեստանոցները ծովուն ճամբով հարուածելու համար օգտագործած են Թուրքիոյ մէջ գտնուող ռազմակայան մը:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ անցեալ ուրբաթ օր յայտնած էին, որ 5 յուլիսին Լաթաքիոյ մէջ տեղի ունեցած պայթումը իսրայէլեան օդուժին կողմէ ցամաք-ծով հրթիռներու դիրքերու դէմ յարձակում էր:

Նշենք, որ Իսրայէլ նախապէս եւս Սուրիոյ մէջ թիրախներ հարուածած էր:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու հերքեց, թէ Իսրայէլ սուրիական զինուորական կեդրոններ հարուածելու համար թրքական ռազմակայան մը օգտագործած է` նշելով, որ «այդպիսի բանի մը մասին մտածելը նոյնիսկ արտօնուած չէ, եւ ան որ այդ առնչութեամբ կասկած ունի, Թուրքիան եւ Արդարութիւն ու բարգաւաճում կուսակցութիւնը չի ճանչնար»:

Share this Article
CATEGORIES