ՓՈԼ ՍՔՈԼԶ ԼՔԵՑ ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏԻ ԻՐ ԱՐՀԵՍՏԱՎԱՐԺ ԱՍՊԱՐԷԶԸ
Երէկ, Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Փոլ Սքոլզ, պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կը լքէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը, սակայն առանց հեռանալու ֆութպոլի աշխարհէն: 36 տարեկան Սքոլզ կ՛ուզէ զբաղիլ մարզիչի ասպարէզով` իր կազմին մէջ:
Ան յառաջիկայ օգոստոսին վերջին անգամ ըլլալով պիտի կրէ իր կազմին շապիկը` հրաժեշտի մրցումի մը ընթացքին:
676 անգամ Եունայթըտի հետ դաշտ ներկայացած Սքոլզ իր ակումբին հետ տասը անգամ շահած է Անգլիոյ ախոյեանութիւնը, երեք անգամ` Անգլիոյ բաժակը եւ երկու անգամ` «Չեմփիընզ Լիկ»ի տիտղոսը:
Ինչպէս ծանօթ է, բերդապահ Էտվին Վան Տեր Սար եւս լքեց իր ասպարէզը, մինչ 37 տարեկան Ռայըն Կիկզ որոշեց տարեշրջան մը եւս ֆութպոլի մրցումներու մասնակցիլ:
CATEGORIES Մարզական