ԵՒՐՕ-2012. ՔԼՈԶԸ ՊԻՏԻ ԲԱՑԱԿԱՅԻ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԿԱՏԱՐԵԼԻՔ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԷՆ
Գերմանացի միջազգային յառաջապահ Միրոսլաւ Քլոզը վիրաւոր ըլլալուն պատճառով իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Աւստրիոյ եւ Ազրպէյճանի դէմ տեղի ունենալիք Եւրօ-2012-ի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն:
Առաջինին, որ տեղի պիտի ունենայ 3 յունիսին, Գերմանիա հիւրը պիտի ըլլայ Աւստրիոյ, մինչ երկրորդին, որ տեղի պիտի ունենայ վերոնշեալ մրցումէն չորս օր ետք, անիկա պիտի հիւրընկալէ Ազրպէյճանը:
Քլոզը, որ մաս կը կազմէ Պայէրն Միւնիխի, վիրաւորուեցաւ նախորդ շաբաթավերջին, Ուրուկուէյի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումին ընթացքին:
32 տարեկան Քլոզը, որ ցարդ միջազգային 109 մրցումի ընթացքին նշանակած է 61 կոլ, կը փորձէ կոտրել Կերտ Միւլըրի հաստատած մրցանիշը, որ 62 մրցումի ընթացքին նշանակած է 68 կոլ:
Նշենք, որ Գերմանիա ցարդ իր կատարած զտումի հինգ մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած է` ապահովելով առաւելագոյն 15 կէտը: