ՏԵՖՈՅԷ ՊԻՏԻ ԲԱՑԱԿԱՅԻ ԱՆԳԼԻՈՅ ԿԱԶՄԷՆ
Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ այս ամիս, Զուիցերիոյ դէմ տեղի ունենալիք Եւրօ-2012-ի զտումի մրցաշարքին, Անգլիա դաշտ պիտի ներկայանայ առանց յառաջապահ Ժերմեն Տեֆոյէի:
Նախորդ շաբաթավերջին, Թոթենհամի մաս կազմող յառաջապահը, Պիրմինկհեմի դէմ տեղի ունեցած մրցումին վիրաւորուեցաւ: Սակայն ցարդ անորոշ է, թէ ան որքանո՛վ պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
46 մրցումի ընթացքին ան նշանակեց 15 կոլ: Յիշատակելի է նախորդ սեպտեմբերին Պուլկարիոյ դէմ տեղի ունեցած Եւրօ-2012-ի զտումի առաջին մրցումին անոր իրագործած հեթրիքը:
Նշենք, որ Զուիցերիոյ դէմ Անգլիա դաշտ պիտի ներկայանայ նաեւ առանց Ուէյն Ռունիի (կախակայուած):
CATEGORIES Մարզական

