Ժոմպլաթ Կոչ Ուղղեց Արագացնելու Կառավարութեան Կազմութիւնը
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Անպա»-ի մէջ լոյս տեսած իր շաբաթական յօդուածին մէջ երէկ կոչ ուղղեց արագացնելու կառավարութեան կազմութիւնը:
Ան ըսաւ, որ նոր կառավարութիւն մը կազմելու համար կարիքը կայ կառավարութեան մէջ ներկայացուելու իմաստով ճշդուած կշիռներէն հրաժարելու:
Ժոմպլաթ շեշտեց նաեւ պետական գանձարկղին մէջ արձանագրուած նիւթական բացին մասին մտածելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ պէտք է սահմանել պետական այդ պարտքը:
Սուրիոյ տագնապին մասին խօսելով` Ժոմպլաթ նշեց, որ շրջանային եւ միջազգային համաձայնութիւն մը չէ գոյացած «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը գումարելու իմատով: Ան աւելցուց, որ այդ խորհրդաժողովը կրնայ յաջողիլ, եթէ քաղաքական համաձայնութիւն գոյանայ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը իշխանութենէն հեռացնող սուրիական փոխանցման կառավարութեան մը շուրջ:
Ժոմպլաթ խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ մէջ ընդդիմադիր կողմերուն միջեւ շարունակուող բախումները, որոնք ապարդիւն են` աւելցնելով, որ Սուրիոյ պարագային միակ պակասը արձանագրուող բախումներուն` Թալեպաններու միջամտութիւնն էր: