«Մանար»-Ի Համաձայն. Պաալպեք-Մքըննէ Շրջանին Մէջ Ձերբակալուողները Կը Միտէին Լիբանանի Մէջ Ահաբեկչական Գործողութիւններ Կատարել

«Մանար» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Արսալի մէջ բանակի անցարգելին կողմէ նախանցեալ օր գրաւուած «Փիք ափ» տիպի փոխադրակառքը, որ կը պարունակէր մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք, որոնց շարքին նաեւ ձեռնառումբեր, պայթուցիչներ եւ ականներ, ինչպէս նաեւ յատուկ տարազներ, կը պատկանէր Պաալպեք-Մքըննէ շրջանին մէջ նախանցեալ օր բանակին կողմէ ձերբակալուած անհատներուն:

Նոյն կայանին համաձայն, այս խմբակը կը միտէր Լիբանանի զանազան շրջաններուն մէջ ահաբեկչական գործողութիւններ կատարել:

Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Նաշրա» կայքէջը յայտնեց, որ Թրիփոլիի Մաշրուհ Հարիրիի շրջանին մէջ զինեալներու եւ լիբանանեան բանակին միջեւ արձանագրուած են զինեալ բախումներ, որոնք ոչ մէկ վիրաւոր պատճառած են:

Share this Article
CATEGORIES