«Քաղաքական Ուժերուն Հետ Գործակցութիւնը Դանդաղ Թափով Կ՛ընթանայ» Յայտնեց Վարչապետ Սալամ
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Մսայթպէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանի իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն մասին վարչապետ Սալամ հաստատեց, որ իրեն հետ միայն քաղաքացիներն ու ժողովուրդն է, որոնք կը խորհրդակցին եւ կը քաջալերեն զինք` շարունակելու կառավարութիւնը կազմելու իր ջանքերը:
«Իսկ մնացեալը, ապա իւրաքանչիւրը կը կազմէ իր ուրոյն կառավարութիւնը», ըսաւ ան:
Վարչապետ Սալամ հաստատեց, որ քաղաքական ուժերուն հետ իր գործակցութիւնը դանդաղ թափով կ՛ընթանայ` աւելցնելով, որ այդ թափը երբեք քաջալերական չէ` կառավարութիւն մը կազմելու առումով:
Նշենք, որ «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին վարչապետ Սալամ նկատել տուաւ, որ ինք օր մը օրանց չէ յայտարարած, թէ կը մերժէ կառավարութեան մէջ Հըզպալլայի ներկայացուցչութիւնը: Ան աւելցուց, որ տակաւին ոչ մէկ քաղաքական կողմի մօտ շօշափած է կառավարութեան կազմութիւնը դիւրացնելու մօտեցում մը:


