«Կ՛աշխատինք Կառավարութեան Կազմութեան Դէմ Ծառացող Հարցերը Լուծել` Կառչած Մնալով Սահմանադրական Մեր Իրաւունքին» Շեշտեց Մոհամետ Ռաատ
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ իֆթարի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլա կը պահանջէ մաս կազմել կառավարութեան` ըստ իր կշիռին:
Ռաատ նշեց, որ Դիմադրութիւնը ի վիճակի է ներելու իրեն նկատմամբ սխալներ գործող կողմերուն, պայմանաւ որ անոնք վերատեսութեան ենթարկեն իրենց գրաւները:
Ռաատ շեշտեց, որ Հըզպալլա նախապայմաններ չէ պարտադրած, այլ` «ուրիշներն են նման նախապայմաններ պարտադրողները, որոնք կը փափաքին նաեւ արգելք հանդիսանալ մեր ներկայացուցչութեան»:
Ռաատ ըսաւ, որ իրենք կը պահանջեն հաւասարակշռուած կառավարութիւն մը կազմել, ինչպէս նաեւ կառավարութիւն մը, որ կը ներկայացնէ լիբանանեան խորհրդարանին բոլոր ուժերը:
CATEGORIES Լիբանանեան

