Շարպել Այցելեց Ռումիէ

Շարպել կը ստուգէ Ռումիէի բանտին շինութիւնները

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել երէկ այցելեց Ռումիէ` ստուգելու համար նորակառոյց արգելարանները, բանտին մէջ կատարուելիք տարբեր նորոգութիւնները, ինչպէս նաեւ դատարանը:

Շարպել յստակ ընդվզումով աւարտեց իր այցելութիւնը` հաստատելով, որ բանտին նորոգութիւններուն համար տրամադրուած հսկայական գումարներուն համապատասխանող կառոյցներ չէ տեսած ինք, եւ աւելցուց, որ այս առումով հետաքննութիւն պիտի բացուի նորոգութիւնները ստանձնած կապալառուին դէմ:

Շարպել ընդգծեց, որ ինք պիտի չարտօնէ, որ բանտին միւս կառոյցներուն պարագային նոյն սխալները կրկնուին` աւելցնելով, որ յաւելեալ գումարներ պիտի չտրամադրուին, մինչեւ նախկին թերութիւններուն սրբագրումը:

Միւս կողմէ, Մարուան Շարպել կոչ ուղղեց Դատական իշխանութեանց գերագոյն խորհուրդին եւ յատկապէս արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Շաքիպ Քըրթպաուիի, որպէսզի բանտարկեալներուն դատավարութիւնները կատարեն Ռումիէի մէջ` աւելցնելով, որ այդ դատարանը պատրաստ վիճակի մէջ է օգտագործուելու ոչ միայն իսլամ բանտարկեալներուն, այլեւ բոլոր արգելափակեալներուն համար:

 

Share this Article
CATEGORIES