Նախագահ Սլէյման Շարպելի Հետ Քննարկեց Երկրին Ապահովական Իրադարձութիւնները

Նախագահ Սլէյման եւ Շարպել

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով որդեգրուած միջոցառումները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ երեսփոխան Ամին Ուեհպէ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց Պեքաայի կարիքները, ինչպէս նաեւ Սուրիայէն Լիբանան ժամանած գաղթականներուն վերաբերող հարցեր:

Նախագահական պալատ այցելեց նաեւ արտերկրի լիբանանցիներու պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Աւստրալիայէն, Քանատայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն լիբանանցիներ, որոնք նախագահ Սլէյմանին զօրակցութիւն յայտնեցին` երկրին կայունութիւնը պահպանելու անոր ջանքերուն համար, ինչպէս նաեւ շեշտեցին «Պաապտայի յայտարարութեան» նեցուկ կանգնելու անհրաժեշտութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES