Պըրրի. «Խորհրդարանի Օրէնսդրական Լիագումարը Նոյն Օրակարգով Պիտի Գումարուի»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց, որ խորհրդարանի այսօրուան օրէնսդրական նիստը պիտի գումարուի նոյն օրակարգով:
Ան նշեց, որ այսօրուան նիստին չգումարուելուն պարագային ինք նիստի նոր թուական մը պիտի ճշդէ:
Պըրրի ընդգծեց, որ երեսփոխանական որեւէ բողոքագիր իրեն ոչինչ կրնայ պարտադրել: Ան նաեւ յայտնեց, որ խորհրդարանը ինքնիշխան է եւ կրնայ օրակարգը իր հակակշիռին ենթարկել:
Խորհրդարանի նախագահը նկատել տուաւ, որ երկրին ապահովական կացութիւնը խախուտ է` ընդգծելով երկրին կառավարութեան անյապաղ կազմութեան անհրաժեշտութիւնը:
Ան վարչապետը նշանակող քաղաքական ուժերը պատասխանատու նկատեց` կառավարութեան կազմութեան գործունէութեան դանդաղեցումին:
Պըրրի ըսաւ, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերէն սպրդած տեղեկութիւններուն նպատակն էր իրենց շարքերուն մէջ քաոս ստեղծել իր առաջադրած նախաձեռնութենէն ետք:
Պըրրի աւելցուց, որ ինք պիտի շարունակէ կառավարութեան կազմութիւնը դիւրացնելու իր նախաձեռնութիւնը` շեշտելով, որ շիի համայնքին ներկայացուցչութիւնը հարցի պիտի չվերածուի` նշելով միաժամանակ, որ երբ վարչապետ Թամմամ Սալամ այլոց հետ ներկայացուցչութեան հարցերը լուծէ, ապա մեզի իր դիմաց կազմ ու պատրաստ պիտի գտնէ:
Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Պըրրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Մեքսիքայի նոր նշանակուած դեսպան Ճէյմ Կարսիա Ամարալը: Հանդիպումը ունէր ծանօթացման բնոյթ:
Պըրրիի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ժան Օպէյտ:


