Արսալի Մէջ Լիբանանահայ Մը Առեւանգուած Է

Ըստ պետական «Ազգային լրատու գործակալութեան», երէկ Արսալի մէջ առեւանգուած է Գրիգոր Գանճանեան, որ Զահլէի բնակիչներէն է եւ քարահանքի սարքեր նորոգող:

Ըստ նախնական տուեալներուն, Գ. Գանճանեան աշխատանքի պահուն առեւանգուած է անծանօթներու կողմէ:

Share this Article
CATEGORIES