Հայաստանի Դեսպանը Ընդունեց Մոհամետ Հութը
12 յուլիսին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան հանդիպում ունեցաւ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Հութի հետ:
Զրուցակիցները ամփոփեցին 5 յուլիսին ընկերութեան Պէյրութ – Երեւան առաջին թռիչքով Երեւան ժամանած լիբանանեան ներկայացուցչական պատուիրակութեան այցելութեան արդիւնքները: Հութ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց հայկական կողմին ցուցաբերած հիւրընկալութեան, ինչպէս նաեւ կազմակերպուած պաշտօնական հանդիպումներուն եւ մշակութային ծրագիրին համար: Երկուստեք համոզում յայտնուեցաւ, որ թռիչքներու իրականացումը երկու բարեկամ երկիրներու մայրաքաղաքներուն միջեւ մեծապէս պիտի նպաստէ զբօսաշրջութեան եւ առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման, գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներու փոխադարձ այցելութիւններու աշխուժացման:
CATEGORIES Լիբանանեան

